Ընդառաջելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրին` Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Սիկրիտ Պրաք երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութեամբ Պրաք հաստատեց, որ այս այցելութեան վրայ մեծ յոյսեր կան` նկատի ունենալով, որ անիկա կը կատարուի յարմար եւ զգայուն պահու մը, երբ Լիբանանն ու լիբանանցիները պէտք է շարք մը կարեւոր որոշումներ տան:
Պրաք նշեց, որ Լիբանան արաբական աշխարհն ու Եւրոպական Միութիւնը` ներառեալ Պելճիքան, զիրար կապող կամուրջն է, «եւ իբրեւ այդպիսին, մենք կը փափաքինք, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութիւնը միշտ տիրական ըլլայ: Վստահ եմ, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական այս տագնապին համար լիբանանեան մօտեցումով լուծում ապահովելը յաջող դուրս պիտի գայ», ըսաւ ան:
Պրաք ընդգծեց, որ նկատի ունենալով շրջանային լարուածութիւնը, Պելճիքա եւ Լիբանան տարբեր մարզերու մէջ կրնան միասնաբար գործակցիլ, եւ ոչ միայն գործարարական մարզին մէջ:
Անդրադառնալով լիբանանեան-պելճիքական խորհրդարանական յարաբերութիւններուն` Պրաք հաստատեց, որ այդ յարաբերութիւնները շատ ամուր են: «Մենք 14 տարուան գործակցութիւն ունինք եւ կը փափաքինք գործակցութեան համաձայնագիրի ծիրը ընդլայնել յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին», ընդգծեց ան:
Նշենք, որ Պրաք հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Պեքաայի մէջ ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայանները:



