Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պզտիկ-Մզտիկ»-Ի «Անսխալ Գրենք» Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներուն Մասնակցութեամբ

November 26, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 նոյեմբեր 2018-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ ժամադրավայրը եղաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին: Կարծես տօնական մթնոլորտ մը ըլլար, աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ անհամբեր կը սպասէին սրահ մուտք գործելու: Դ. դասարանի աշակերտները արդէն ճշդուած ժամէն առաջ եկած էին` ապրելու համար իրենց առաջին փորձառութիւնը:

Պէտք է նշել, որ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած եւ աւանդութիւն դարձած այս մրցումին կը մասնակցին հայկական վարժարաններու Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները: Այսպէս «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար ընդունեց նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները` աւելի քան 200 հոգի, որոնք եկած էին հայկական հետեւեալ վարժարաններէն. Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան (Ռաուտա) վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ – Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Մրցումը սկսաւ Դ. դասարանի աշակերտներով, ժամը ճիշդ 3:00-ին: Այս դասարանի աշակերտներուն համար, ինչպէս նշեցինք, մրցումը բոլորովին նորութիւն է: Անոնք անհամբեր կ՛ուզեն ապրիլ իրենց անհատական առաջին փորձառութիւնը եւ շատ լրջութեամբ, կեդրոնացած եւ բծախնդրութեամբ կը կատարեն ուղղագրութեան մրցումը:

Մրցումի աւարտին իւրաքանչիւր դասարանի մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի երկու նուէր, մէկը տրամադրուած «Ազդակ»-ի կողմէ, իսկ միւսը` «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի հրատարակիչին: Այս գծով մրցումին սկիզբը իւրաքանչիւր դասարանի քանի մը բառով ներկայացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» մատենաշարի թիւ 1 «Խրիմեան Հայրիկ» եւ թիւ 2 «Սողոմոն Թեհլիրեան» հատորներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւն` անդրադառնալէ ետք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ անոր հիմնադիր Արամ Մանուկեանին, որուն անունը կը կրէ մատենաշարը: Դ. դասարանի աշակերտներէն ետք սրահը յաջորդաբար գրաւեցին Ե. դասարանի աշակերտները` ժամը 4:00-ին, եւ Զ. դասարանի աշակերտները` ժամը 5:00-ին:

«Փիւնիկ» սրահին մէջ տիրած հայաշունչ ու ապագայ խոստացող մթնոլորտը արդիւնք էր ծնողք, դպրոց ու մամուլ միացեալ գործակցութեան: Արդարեւ, մեր սիրելի ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց ու ուսուցչական կազմերու գործակցութեան ու պարտաճանաչութեան շնորհիւ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը կը յաջողի իրականացնել այս ու նմանօրինակ մրցումները` սատարելով մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան եւ անոր մօտ արթնցնելով ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:

Առ այդ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը շնորհակալութիւն կը յայտնէ անխտիր բոլորին` ծնողք թէ հայկական վարժարաններու պատասխանատուներ, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն սատարելու հայապահպանման գործին` քաջալերելով մեր կազմակերպած ձեռնարկները: Բայց յատուկ շնորհակալութիւն մեր մատղաշ սերունդին, որ ամէն տարի նոյնքան խանդավառ կու գայ մասնակցելու մրցումին` իր կարգին ներկայիս անգիտակցաբար օգտակար դառնալու հայապահպանման աշխատանքին եւ անուղղակիօրէն սորվելու, ապագային ինք ձեռնարկելու եւ ղեկավարելու համար նմանօրինակ աշխատանքներ: Ձե՛ր վարձքը կատար, սիրելի՛ փոքրիկներ:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Պարգեւատրէ Լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը

Յաջորդը

«Հաւատարիմ Հողին Ու Հային» (ՀՅԴ-ի Ընտրական Քարոզարշաւին Մեկնարկին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.