Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խաշոկճիի Սպանութեան Պատասխանատուն Աշխարհն Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

November 24, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան համար մեղաւոր է աշխարհը, որ դաժան վայր է: Ան այս մասին յայտնեց Ֆլորիտայի «Մար-ա-Լակօ» կալուածին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Թրամփ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Խաշոկճիի սպանութեան համար որո՞ւն պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել, ըսաւ. «Թերեւս պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկել աշխարհը, որ դաժան վայր կը հանդիսանայ: Աշխարհը շատ դաժան վայր է»:

Յիշեցնենք, որ ան երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Սէուտական Արաբիոյ յուսալի գործընկերը ըլլալ, անկախ Խաշոկճիի սպանութեան գործին մէջ չբացայայտուած հանգամանքներէն: Ան ընդգծած էր, որ մտադիր չէ լրագրողի սպանութեան պատճառով խզել Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները:

Ան Քալիֆորնիոյ մէջ հրդեհներու պատճառած վնասները զննելու ընթացքին լրագրողներուն յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ «յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին` հաւանաբար երկուշաբթի կամ երեքշաբթի», պիտի ճշդեն, թէ ո՛վ սպաննած է սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճին:

Խօսելով սէուտական-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին` Թրամփ յայտնեց. «Իսրայէլ մեծ դժուարութեան պիտի մատնուէր, եթէ չըլլար Սէուտական Արաբիան»:

«Սէուտական Արաբիան Միջին Արեւելքի մէջ մեզի շատ օգնեց: Առանց անոր պիտի չկարենայինք մեծ ռազմակայան մը ունենալ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ նկատի ունենաք Իսրայէլը, ապա անիկա մեծ դժուարութեան մէջ պիտի ըլլար առանց Սէուտական Արաբիոյ: Ուստի ի՞նչ կ՛ուզէք: Կ՛ուզէք, որ Իսրայէլ վերանա՞յ»:

«Սէուտական Արաբիան մեր շատ ուժեղ դաշնակիցն է: Ունինք դաշնակից մը, որ բարձրագոյն մակարդակով` գահաժառանգին ու թագաւորին վկայութեամբ կը հաստատէ, որ այդ ահաւոր արարքը չէ գործած», նշեց Թրամփ:

Թրամփ յայտնեց, որ կ՛ատէ Խաշոկճիի սպանութիւնն ու զայն թաքցնելը, «սակայն Սէուտական Արաբիան մեծաթիւ գործեր ապահովեց, եւ ամէնէն կարեւորը նպաստեց քարիւղի տակառի գինի նուազեցման»: Ան աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը եւս «զայն կ՛ատէ ինձմէ աւելի: Եւ կտրուկ կերպով հերքեց ատկէ տեղեակ ըլլալը»:

Միւս կողմէ, սէուտցի այլախոհ Խալետ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ մէջ իշխող տոհմին մէջ քաոսային վիճակ կը տիրէ: Տոհմին մէջ ազդեցիկ անձեր աշխատանք կը տանին գահաժառանգը պաշտօնազրկելու»:

Իշխանը նախատեսեց, որ «նուրբ յեղաշրջում մը տեղի ունենայ, եթէ պըն Սալման չհրաժարի գահաժառանգութենէն»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնները կը նշանակեն, թէ «ան աչք կը փակէ», եւ այդ մէկը «անընդունելի է»:

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ Նուիրատուութիւն

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Մեր Նպատակն Է Տապալել Ահաբեկչութիւնը Եւ Անոր Բոլոր Գործօնները»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.