Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի հեծելարշաւի մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերին նախորդ շաբաթավերջին Օմանի մէջ տեղի ունեցած Արաբական հեծելարշաւի ախոյեանութեան եւ իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 3 մետալի (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ):
Լիբանան վերադարձին, Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ պատուիրակութիւնը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան (ան Լիբանան հասաւ պատուիրակութեան ժամանումէն երկու ժամ առաջ), ինչպէս նաեւ` մարզական լրագրողներ եւ մարզիկներուն ծնողները:
Ռըսթոմ խօսք առնելով շնորհաւորեց ձեռք բերուած այս բացառիկ յաջողութիւնը` մարզիկներուն մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Իսկ Ծատուրեան ըսաւ, թէ այս յաջողութիւններն ու իրագործումները նուիրուած են լիբանանեան բանակին` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով:
Նշենք, որ Իսսամ Ապու Ժաուտէ տիրացաւ ոսկի մետալին, Ռաֆիք Իտ` արծաթ մետալին, իսկ Մարուա Հաժ` պրոնզ մետալի:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին արաբական եօթը երկիրներ:



