Յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով սկիզբ առաւ «Պանքօ» դրամատուներու եւ ընկերութիւններու տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը:
Անիկա տեղի կ՛ունենայ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերն են` Կեդրոնական դրամատուն, Իրաւաբաններու սենտիքա, «Քրետի Լիպանէ», «Թուֆիք Ղարղուր», «Ֆիտիլիթի» ապահովագրութիւն, «Պին Պայ», «Աուտէ», «Սոսիեթէ Ժեներալ», «Միթսիւլիֆթ» եւ «Պասուլ Հընէյնէ»:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
| Կեդրոնական դրամատուն-«Պասուլ Հընէյնէ»` | 83-43 |
| Իրաւաբաններու սենտիքա – «Քրետի Լիպանէ»` | 55-50 |
| «Սոսիեթէ Ժեներալ» – «Միթսիւլիֆթ»` | 59-45 |
| «Ֆիտիլիթի» – «Պին Պայ»` | 40-37 |
| «Քրետի Լիպանէ» – «Թուֆիք Ղարղուր»` | 68-53 |
| «Աուտէ» – «Սոսիեթէ Ժեներալ»` | 55-47 |
| «Թուֆիք Ղարղուր» – «Պին Պայ»` | 65-37 |
| «Աուտէ» – «Միթսիւլիֆթ»` | 61-57 |
Մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Իրաւաբաններու սենտիքան եւ «Սոսիեթէ Ժեներեալ»-ը, գրաւելով իրենց խմբակներուն առաջին դիրքերը ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:



