Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին նուիրուած Թաու Լուի մրցաշարքը, Շապիպէ ակումբին մէջ` մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն.
Անթունիէ Պաապտա, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճար Ամիթի, Թայկըրզ, Նոթրը Տամ Լուէյզի եւ ԱՊՊԱ ակադեմիա:
Այնճար Ամիթին ներկայացուցին Անի Գազանճեան, Ճէյսըն Աբիքեան, Արինա Աբրահամեան, Աննա Հերկելեան, Ուաժիհ Հարաթի, Քրիսթել Գազանճեան, Մաթիլտա Քուհուլեան, Ալեքս Գապաքեան եւ Սերօ Գալեմքերեան:
Անոնք ապահովելով 10 ոսկի, 8 արծաթ եւ 8 պրոնզ մետալներ, գրաւեցին դասաւորման երկրորդ դիրքը (134 կէտով):
Առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա (199 կէտ), իսկ երրորդ` Սքուեր Ֆիթ Քլապ (122 կէտ):



