Վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ` զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ շուկաներու միութեան խորհրդաժողովին:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ շուկաներու միութեան խորհրդաժողովը Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը զբօսաշրջական հիմնական կեդրոնի վերածելու մեկնակէտն է, «յարգանքովս հանդերձ շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան վայրեր նկատուող այլ երկիրներու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան ուղղուած իւրաքանչիւր այցելու պիտի ըլլայ դեսպանը Լիբանանին, որ տարածութեամբ փոքր է, սակայն կարողութիւններով` մեծ:
Ա. Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կայացող այս խորհրդաժողովը վերջին տասնամեակի կարեւորագոյն խորհրդաժողովն է:
Ան նշեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ շուկաներու միութեան խորհուրդի նախագահ Հայսամ Ժամալի եւ նոյն միութեան անդամները միամեայ գործունէութեամբ մը կրցած են Լիբանանի մէջ յաջողցնել այս խորհրդաժողովը` կազմակերպական իրենց աշխատանքին մէջ առանց ճիգ խնայելու:
«Պէյրութի մէջ այս խորհրդաժողովին կայացումը փաստ մըն է, որ բոլորիս սիրելի Լիբանանը ինքզինք վերահաստատած է եւ վերածուած տնտեսական, ներդրումային եւ զբօսաշրջական մարզերուն համար անկիւնադարձային երկրի մը: Զբօսաշրջութեան աշխարհին մէջ կը խօսինք խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութեան մասին, որ շատ կարեւոր է: Այս մարզը կրնայ մեծ փոփոխութիւն մը իրագործել Միջին Արեւելքի զբօսաշրջական քարտէսին վրայ», ընդգծեց նախարար Կիտանեան:
Իր խօսքի աւարտին, Ա. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովին մասնակից պատուիրակութիւններուն, որոնք հակառակ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան մասին տարածուած ապատեղեկատուութեան եւ ներկայացուած սխալ պատկերին, եկած են Լիբանան եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս խորհրդաժողովին:



