«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, շարունակելով իր լաւ ելոյթներու շարքը, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը` 113-97 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Մայեմի Հիթի դաշտէն:
Լէյքըրզի արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Լեպրոն Ճէյմս, որ նշանակեց 51 կէտ:
Մինչ Լէյքըրզ յաղթանակ արձանագրեց, անդին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր 6-րդ պարտութիւնը (յաջորդական երրորդը), այս անգամ` Սան Անթոնիօ Սփըրզէն, 104-92 արդիւնքով: Ուորիըրզէն Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 26 կէտ:
Ուաշինկթընի մէջ, Ուիզըրտծ, տասը կէտի տարբերութեամբ` 119-109 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն` Տեմիըն Լիլարտ նշանակեց 40 կէտ:
Մինեսոյթայի մէջ, Վուլվզ 100-87 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Մեմֆիս Կրիզլիզէն: Մարք Կազոլ (Կրիզլիզ) նշանակեց 26 կէտ, մինչ Տերիք Ռոզ (Վուլվզ)` 18 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան հինգերորդ եւ վերջին մրցումին, Օրլանտօ Մեճիք յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին (131-117):
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Շարլոթ Հոռնեթց – Պոսթըն Սելթիքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Եութա Ճեզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Աթլանթա Հոքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տալաս Մավըրիքս
Միլուոքի Պաքս – Տենվըր Նակեթց
Նիւ Օրլինզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի



