Շաբաթ, 17 նոյեմբերին ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, երբ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս – Շեպիպէ բացման մրցումը: Հուփս յաղթանակ մը արձանագրեց` 67-48 արդիւնքով:
Երէկ որեւէ մրցում տեղի չունեցաւ:
Այսօր` երկուշաբթի, 19 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Ա. հանգրուանի երկրորդ մրցումը, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը:


