Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան չորս ճակատումներ:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պհամտունի դաշտին վրայ մրցեցաւ Շապապ Պըրժի դէմ, փենալթիներով 6-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, մինչ երկարաձգումը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը նշանակեց Հիւսէյն Ամմար, իսկ 2-2-ի հաւասարութեան կոլը` Սերժ Չաքըրեան:
Իսկ վեց փենալթիները նշանակեցին Մամաս Քէհէեան, Տիգրան Վարդան, Խալետ Ըպրիք, Ալի Համիէ, Սագօ Ազնաւուրեան եւ Ալի Նասրէտտին:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակը` խումբին մաղթելով նորանոր յաղթանակներ:


