Պիելոռուսական TUT.BY հարթակը խնդրած է Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Ա. Կլազէն` մեկնաբանել Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի` 17 նոյեմբերին կատարած յայտարարութիւնը, թէ ան բացատրութիւն կը պահանջէ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյէն` Ազրպէյճանի դեսպանին հետ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի հարցը քննարկելու մասին:
Կլազ նշած է, որ ըստ երեւոյթին, Փաշինեան ինքզինք միջազգային դատախազ կ՛երեւակայէ, որ լիազօրուած է պատժելու կամ ներում շնորհելու:
Ըստ մամլոյ բանբերին, կրնայ ըլլալ ատիկա ընդունելի է ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարի, Հայաստանի քաղաքացի Եուրի Խաչատուրովի պարագային, սակայն միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունին արձանագրութիւններու յստակ եզրեր ու բարոյագիտութիւն:
Կլազ դիտել տուած է, որ Փաշինեան տակաւին չէ հասկցած, որ «փողոցային ժողովրդավարական կանոնները ընդունելի չեն մեծ քաղաքականութիւններուն մէջ»:



