Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճազային Երեկոյ` Նուիրուած Հայ Աւետարանական Քոլեճի 95-ամեակին

November 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ աւետարանական քոլեճի 95-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 16 նոյեմբերին երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճազ երգահանդէս, կատարողութեամբ Զուիցերիայէն Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլիի, ընկերակցութեամբ Օլիվըր Ֆրիտլիի` դաշնակ, Անտրէ Փուզազի` թաւջութակ եւ Բիուս Պաշնակըլի` հարուածային:

Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը բաժնեկցին իրենց ուրախութեան: Ապա ան ներկայացուց նուագախումբի անդամները եւ երգչուհին:

Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլի 1992-ին եղած է Հայ աւետարանական «Նոր երգ» խումբի մեներգիչը: Խումբին հետ ձայնագրած է եօթը սկաւառակներ եւ ելոյթ ունեցած է տարբեր երկիրներու մէջ: Հետեւած է ճազի դասընթացքներու եւ մեներգով ընկերակցած է բազմաթիւ երաժիշտներու:

Օլիվըր Ֆրիտլի անկախ երաժիշտ է: Կը գործակցի տարբեր արուեստագէտներու հետ` նուագելով իր եւ այլ երաժիշտներու յօրինումները: Ան ձայնի ձեւաւորող է եւ դասախօս Պեռնի արուեստի համալսարանին մէջ:

Անտրէ Փուզազ ելոյթ ունեցած է աւելի քան 20 երկիրներու մէջ` գործակցելով բազմաթիւ ճազ երաժիշտներու եւ խումբերու հետ:

Բիուս Պաշնակըլ գործակցած է բազմաթիւ արուեստագէտներու եւ նուագախումբերու հետ: Ան դասախօս է Զիւրիխի արուեստի համալսարանին մէջ:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հայկական եւ օտար ճազային կատարումներով հնչեցին «Հով արէք», «Հով լինի», «Խիյօ, խիյօ», «Անուշ քնիկ», «Մայ ֆուլիշ հարթ», «Սինեմա փարատիսքօ- մէյն թիմ», «Սինեմա փարատիսքօ- լաւ թիմ», «Չիք թու չիք», «Պի մայ լաւ», «Տը տէյ ուիլ գամ», եւ այլ երգեր, որոնք արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին:  Յայտնենք, որ Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլի անդրադարձաւ իւրաքանչիւր երգին եւ բացատրութիւններ տուաւ անոր մասին նախքան զայն երգելը:

Ելոյթի աւարտին դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան հրաւիրեց Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեանը, որպէսզի յուշանուէրներ յանձնէ խումբի անդամներուն:

 

Նախորդը

Քաղաքականութիւն` Առանց Քաղաքական Համակարգերի Կամ Ճամբարափոխութեան Մարտնչող Ուրուականը

Յաջորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հիւրընկալեց Քահանայ Հայրերն Ու Երէցկիները

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.