Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Սաֆատի յայտնեց, որ ներկայիս ի գործ դրուող բոլոր ջանքերն ու առաջադրուած նախաձեռնութիւնները կ՛օժանդակեն կառավարութեան կազմութեան:
Ան հաստատեց, որ բոլորին համար կարեւոր է, որ կառավարութիւնը ամէնէն արագ միջոցին կազմուի, եւ այս պատճառով ալ իւրաքանչիւր քաղաքական անձնաւորութիւն կամ ուժ իր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ` պատասխանատուներուն հետ գործակցելու եւ լուծման մը յանգելու:
Սաֆատի շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին իրեն համար յստակ դարձած է, որ բոլորը կը փափաքին կառավարութեան կազմութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն ուղղած այն հարցումին, թէ յաջորդ կառավարութեան մէջ ինք պիտի ներկայացուի՞, Սաֆատի ըսաւ. «Նախ եւ առաջ կարեւոր է, որ կառավարութիւնը կազմուի, իսկ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութեան հարցը երկրորդական է»:
Սաֆատի մաղթեց, որ Պասիլի ջանքերը յաջողին` աւելցնելով, որ ինք լաւատես կը մնայ, այնքան ատեն որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով անկեղծութիւն կայ: Պասիլի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի` ընկերակցութեամբ հիւսիսային Լիբանանի Մաշարիհ բարեսիրական միութեան տնօրէն Թահա Նաժիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թնճուկը հանգուցալուծելու կարելիութիւնները:
Պասիլ ընդունեց նախկին երեսփոխան Մանսուր Պոնը, որուն հետ քննարկեց Քեսրուանի մէջ բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներու իրագործման վերաբերող հարցեր:



