Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին վարագոյրը կը բացուի այսօր, երբ գերբաժակի մրցաշարքին գծով տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ):
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, երկու խումբերուն համար տրամադրուած են իրարու հաւասար սահմանափակ թիւով տեղեր:
Եթէ ՀՄԸՄ-ի համակիրները կ՛ուզեն այս մրցումին տոմսերը ձեռք ձգել, կրնան դիմել միութեան պատասխանատուներուն:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողութեան հասնիլ եւ տիրանալ տիտղոսին:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմին, որ ինչպէս ծանօթ է, վերջերս տիրացաւ Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:



