Երեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, Պարսելոնա մեկնեցաւ Հայկազեան համալսարանի տղոց ֆութսալի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար միջհամալսարանական 2018-ի աշխարհի 4-րդ ախոյեանութեան:
Այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 28 երկիրներէ աւելի քան 2500 ուսանողներ:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 9 մարզիկներէ: Խումբին մարզիչն է Սարգիս Ապաճեան, իսկ պատուիրակութեան նախագահն է Սեւակ Տեմիրճեան:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Հայկազեան համալսարանի տղոց ֆութսալի խումբին:



