Պքերքէ երէկ յետմիջօրէին վկայեց պատմական իրադարձութիւն մը` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաշտութիւնը, 40 տարուան գժտութենէ ետք:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ 13 յունիս 1978-էն ի վեր կոտտացող ցաւը, արիւնող վէրքը եւ տիրող սուգը երէկ աւարտեցան, երբ Ֆրենժիէ եւ Ժահժահ հաշտուեցան` իրարու ձեռք թօթուելով եւ զիրար ողջագուրելով, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուելով իրենց մասին Պքերքէի հրապարակած ուխտին:
Մարոնի համայնքին ցաւ պատճառող գրեթէ կէս դարուան վէրքը բացուած էր, երբ 26 տարեկան Սամիր Ժահժահ 13 յունիս 1978-ին ուղղուեցաւ Էհտեն, եւ արձանագրուեցաւ Էհտենի սպանդը, իսկ 13 տարեկան Սլէյման Ֆրենժիէ կը գտնուէր Նաքքաշի մէջ, իր մեծ հօր` հանրապետութեան նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի գիրկը, երբ անոր ընտանիքը սպանդի ենթարկուեցաւ:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ Էլիաս Սարգիս օրին մտահոգութիւն յայտնած էր, որ այդ դէպքը պիտի վերածուի մարոնի համայնքին միջեւ մէկ դար երկարող պատերազմի մը:
Ճիշդ է, որ Էհտենի ջարդին ազդեցութիւնը միայն 40 տարի տեւեց, սակայն անիկա խոր ցաւ պատճառեց միջմարոնիական առումով: Էհտենի սպանդին պատճառն էր հիւսիսային Լիբանանի եւ Զղարթայի մէջ իշխանութիւն ստանձնելու իմաստով Մարատա հոսանքին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ հարցերը, որոնց իբրեւ հետեւանք Փաղանգաւոր կուսակցութեան զինեալ խմբակ մը յարձակում գործեց Էհտենի պալատին դէմ, ուր կը գտնուէր երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ անոր ընտանիքը` բացի անոր զաւակէն` Սլէյմանէն:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան զինեալ խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարն էր Սամիր Ժահժահ, որ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած էր:
Էհտենի սպանդին նահատակուեցան Թոնի Ֆրենժիէ, անոր կինն ու դուստրը, ինչպէս նաեւ 18 ուրիշներ, որոնք Թոնի Ֆրենժիէի ընկերակիցներն էին եւ թաղեցիներ:
Հակառակ անոր որ հանրապետութեան նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի միջեւ տեղի ունեցած հաշտութեան, ինչպէս նաեւ 1993-ին Մարատա հոսանքին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միջեւ Պնաշյիի մէջ կատարուած հաշտութեան, Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Սամիր Ժահժահի միջեւ յարաբերութիւնը մնաց լարուած, մինչեւ որ 2011-ին երկու ղեկավարները առաջին անգամ ըլլալով ձեռնուեցան Պքերքէի մէջ` միջմարոնիական հանդիպումին ընթացքին եւ ապա մասնակցեցան նախագահական պալատին մէջ կայացած Ազգային երկխօսութեան նիստերուն:
Ֆրենժիէի եւ Ժահժահի միջեւ կնքուած հաշտութիւնը փակեց 40 տարուան արիւնալի էջը` նոր ու սպիտակ էջ մը բանալով քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ:
Ֆրենժիէ եւ Ժահժահ առաջին անգամ չէր, որ կը ձեռնուէին իրարու հետ, որովհետեւ 7 տարի առաջ անոնք իրարու բարեւած էին` աւելի պաշտօնական եւ պաղ մթնոլորտի մէջ, սակայն երէկուան հանդիպումը տարբեր էր, որովհետեւ անիկա ուղղակի հաշտութիւն էր եւ անցեալի ցաւոտ, դառն ու արիւնալի էջի փակում, որ արդիւնքն էր վերջին 3 տարիներու աշխատանքին: Իսկ երկու շաբաթ առաջ Ֆրենժիէ հանդիպում մը ունեցաւ Էհտենի սպանդին զոհերուն ընտանիքներուն հետ եւ զանոնք տեղեակ պահեց հաշտութեան մանրամասնութիւններուն մասին:
Սամիր Ժահժահ իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Ապա եկաւ Սլէյման Ֆրենժիէ, իր զաւկին` երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի եւ Մարատա հոսանքի անդամ քաղաքական գործիչներու ընկերակցութեամբ:
Ֆրենժիէի ժամանումով հաշտութիւնը կատարուեցաւ, երբ ան քայլ մը առաջ առաւ եւ ողջագուրուեցաւ Ժահժահի հետ:
Ապա հաշտութիւնը խորհրդանշող պաշտօնական լուսանկարը ստանալէ ետք, Ռայի պատրիարքը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ աւելի լաւ ու գեղեցիկ տեսարան չկայ, քան այն, որ երկու եղբայրներ միասին նստին:
Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց Ֆրենժիէի եւ Ժահժահի միջեւ հաշտութիւնը` շեշտելով, որ Աստուած հայրն է եւ բոլորս անոր որդիները, որոնք նաեւ եղբայրներ են` ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց կրօնը, գոյնն ու տեսակէտը:
Ռայի պատրիարքը ուրախութիւն յայտնեց, որ 2011-ին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի (օրին` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար) եւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի միջեւ հաշտութիւնը շարունակուեցաւ եւ հասաւ այսօրուան, երբ Ժահժահ եւ Ֆրենժիէ հաշտուեցան:
«Այսօրուան հաւաքը ազգային միասնականութեան նոր մեկնարկ է: Մենք կը մերժենք զոյգերու եւ եռեակներու դրութիւնը, որովհետեւ կը զօրակցինք ժողովուրդին եւ պետական հաստատութիւններուն: Այս առումով կը հաստատեմ, որ Լիբանանի մէջ կայ զոյգի մէկ հասկացողութիւն, որ Լիբանանն է իր զոյգ թեւերով` իսլամ եւ քրիստոնեայ, որոնք Լիբանանը կը վերածեն պատգամի երկրին», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:
Ընդարձակ հանդիպումը աւարտեցաւ Ռայի պատրիարքին արտասանած խօսքին աւարտով:
Ապա Ֆրենժիէ եւ Ժահժահ, ընկերակցութեամբ Ռայի պատրիարքին, ուղղուեցան այլ սրահ մը, ուր տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում` երկու ղեկավարներուն եւ պատրիարքին միջեւ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժոզեֆ Նաֆահ եպիսկոպոսը կարդաց Մարատա հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան վերաբերող Պքերքէի ուխտը, որուն մէջ հաշտութիւնը նկատուեցաւ քրիստոնէական, մարդկային եւ լիբանանեան արժէք:
Ան հաստատեց, որ հաշտութիւնը կը դրսեւորէ անցեալի ցաւալի էջը փակելու, տարակարծութիւնները լուծելու եւ Լիբանանի ու անոր քրիստոնեայ համայնքին շահերը իրականացնելու քաղաքական զոյգ կողմերուն միացեալ կամքը:
Փոխըմբռնումի ուխտին ընթերցումէն ետք Ֆրենժիէ եւ Ժահժահ հրաժեշտ առին Ռայի պատրիարքէն եւ մեկնեցան:
Մեկնումի պահուն Ժահժահ յայտնեց, որ այսօր հաշտութեան օր է, սպիտակ օր, գեղեցիկ ու պատմական օր:
Ան աւելցուց, որ հաշտութենէն ետք ամէն բան կարելի է` իր Էհտեն այցելութեան կամ այլոց Մեհրապ այցելութեան առումով:
Իր կարգին, Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ իրենց բացած նոր էջը ոչ ոքի հաշուոյն է:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ 4 տարի ետք հանրապետութեան նախագահ իր ընտրութեան կարելիութիւնը աւելի՞ հաւանական է, թէ՞ ոչ, Ֆրենժիէ ըսաւ, որ Աստուած գիտէ, թէ 4 տարի ետք Ազգային ազատ հոսանքը ի՛նչ պիտի փափաքի: «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ հարց չունինք, իսկ երբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մեզի պէտք ունենայ, մենք պատրաստ ենք», ըսաւ Ֆրենժիէ:
Միւս կողմէ, Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանեան երկու բաղադրիչներու միջեւ հաշտութիւնը Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ` աւելցնելով, որ այսօր կարելի է հիւսիսային Լիբանանի քրիստոնեաները շնորհաւորել: «Կը խոնարհիմ այս սեւ ժամանակաշրջանին ընթացքին ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակին եւ անոնց հարազատներուն կ՛ըսեմ, որ միայն մեծերն են, որոնք կրնան ցաւալի էջերը դարձնել եւ իրենց ճամբան շարունակել, յատկապէս այս շրջանին, երբ Լիբանանն ու Միջին Արեւելքը զգայուն շրջանի մէջ կը գտնուին», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Պքերքէի մէջ կայացած այս հաշտութիւնը կազմակերպուած էր Մարատա հոսանքէն նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն Ժահժահի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Թոնի Շիտիաքի կողմէ:
Աւելցնենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ողջունեց Մարատա հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ հաշտութիւնը:



