Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը` ընկերակցութեամբ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպի:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ հանրապետութեան միւֆթիին ներկայացուց տակաւին չբացայայտուած նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիան իր դերակատարութիւնը ունի երկրին ազգային տագնապներուն լուծման մէջ` ընդգծելով, որ պէտք է անպայման օժանդակել միւֆթի Տըրիանին` յարգելով երկխօսութեան ընդմէջէն բոլոր հարցերը լուծելու անոր տեսակէտը:
Պասիլ հաստատեց, որ ժամանակն է արդէն, որ երկխօսութիւնը լուծումով մը յատկանշուի` կառչած մնալով արդարութեան սկզբունքին, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալով, որ կառավարութեան մէջ պարտադրանք չըլլայ:
«Կը փափաքինք կազմել զօրաւոր կառավարութիւն մը` քաջ գիտնալով, որ հարցը վարչապետի կամ Թաէֆի համաձայնագիրի իրաւասութիւններու հարց չէ: Եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրի սիւննի համայնքին քաղաքական հայրն է, ապա միւֆթի Տըրիան սիւննի համայնքին հոգեւոր հայրն է, եւ մեր պարտականութիւնն է համախմբել բոլորը եւ բացթողումներուն վերջ տալ», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ «կառավարութեան կազմութեան հարցին լուծումը որոշ կանոններ ունի, եւ մեր նախաձեռնութեան մասին դրական կեցուածքներ կան, այդ պատճառով ալ ճիգերը պիտի շարունակենք: Մեզի համար կարեւոր է ունենալ հզօր վարչապետ մը, ինչպէս որ ունինք հանրապետութեան եւ խորհրդարանի հզօր նախագահներ:
Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ Պասիլի ջանքերը յարգելի են եւ ողջունելի: Ան հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու Պասիլի քայլերուն, ինչպէս նաեւ Պասիլէն խնդրեց ջերմ ողջոյններ փոխանցել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին` գնահատելով երկիրը կառավարելու անոր ազգային ոգին:
Նշենք, որ Պասիլ այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ անկախ սիւննի երեսփոխաններուն հետ եւ անոնց ներկայացնէ իր նախաձեռնութիւնն ու անոր շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարէ:



