Շաբաթ, 10 նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Էյ. Սի. Պի. ՓՐՈՄՈՇԸՆ»-ի մրցումներուն առանց օրէնքներու մրցաշարքը, որուն ընթացքին հանդէս եկան հայազգի 2 մարտիկներ Գէորգի Կարախանեան եւ Էդուարդ Վարդանեան:
Հայ համայնքին կողմէ ցուցաբերուած էր բաւական զօրաւոր աջակցութիւն: Հայ համակիրներուն կարգին էին «ՖԱՖ» շարժումի մոսկուայաբնակ անդամներ:
Գէորգի Կարախանեանի մարտի ընթացքին, հայ համակիրներուն բաժինին մէջ կը ծածանէին Արցախի եւ Հայաստանի բազմաթիւ դրօշակներ:
Ասոր ի տես, ազրպէյճանցի համակիրները յարձակելով փորձեցին խլել այդ դրօշակները:
Երկու կողմերուն միջեւ սկսած կռիւը աւարտեցաւ ազրպէյճանցիներու խայտառակ պարտութեամբ եւ փախուստով:
9 նոյեմբերը Ազրպէյճանի պետական դրօշին տօնն էր: Անոնք փախչելու ընթացքին իրենց դրօշակները մրցումի վայրին մէջ ձգած էին:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, Գէորգի Կարախանեանի մրցակիցը որակազրկուեցաւ` ոչ մարզավայել վարուելակերպին համար:



