«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի ԹՐԻՓՈԼԻԻ
ՈՒՆԿՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Աւելի քան երկու տարուան ակամայ ընդմիջումէ եւ թեքնիք կարգադրութիւններու ամբողջացումէ ետք, «Վանայ Ձայն» կը վերսկսի իր սփռումներուն` հիւսիսային Լիբանանի տարածքին ընդհանրապէս եւ Թրիփոլիի մէջ յատկապէս:
Թրիփոլի եւ շրջակայքը «Վանայ Ձայն»-ին կարելի է հետեւիլ FM 95 MHz ալիքով:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՕԳՆԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 39-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Հանդիսապետութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Կը հրաւիրենք ձեզ ՀԱՅ ԳԻՐՔ-ի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
Ս. Աստուածածնայ տաճար ընծայման տօնին առիթով կիրակի, 18 նոյեմբեր 2018-ին պիտի տօնախմբուի եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնը:
Այս առիթով պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք ուխտի, ննջեցեալի յիշատակի կամ բարի նպատակի համար կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ փոխան ոչխարի նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան կամ եկեղեցւոյ քահանայ հայրին հետ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:00-էն 12:30, հեռաձայն` 01/269760:
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Այս տարեշրջանին նոր եւ նախկին սաներու համար արձանագրութիւնները կը սկսին 16 հոկտեմբերէն մինչեւ 17 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, ամէն երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը:
ԿԱՐԵՒՈՐ.-
1.- Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ հայկական դպրոց մը արձանագրուած ըլլալու փաստաթուղթ մը:
2.- Վերոյիշեալ թուականէն ետք ներկայացուած դիմումնագիրները պիտի մերժուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ
ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿ
ՈՒՐԲԱԹ, 30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՀԲԸՄ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018



