Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ Տումայի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլոցքիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Սլոցքի շեշտեց Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ պատմական ամուր յարաբերութիւնները, յատկապէս ընդգծելով Ռուսիոյ խոր յարաբերութիւնները Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ, ինչպէս նաեւ անոր հիմնադիր Քամալ Ժոմպլաթի ու ապա անոր զաւկին` Ուալիտ Ժոմպալթի եւ Ռուսիոյ միացեալ կեցուածքներն ու տեսակէտները:
Սլոցքի մեծապէս գնահատեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան դերակատարութիւնը` լիբանանեան ազգային կեանքին մէջ: Ան վերահաստատեց, որ Ռուսիա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրները:
Սլոցքի ընդգծեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի քաղաքականութեան մէջ լիբանանեան ազգային շահերը առաջնահերթութիւն կը նկատուին:
Իր կարգին, Թայմուր Ժոմպլաթ հաստատեց, որ շրջանային իմաստով Ռուսիոյ դերակատարութիւնը առանցքային է, յատկապէս ներկայիս` Սուրիոյ թղթածրարին վերաբերեալ, նկատի ունենալով Լիբանանի վրայ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ունեցած ազդեցութիւնը:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց քաղաքական ուղիով շարունակելու սուրիացի ժողովուրդին հետապնդած երազը` հիմնելով ժողովրդավարական արդար վարչակարգ մը, որ կը պահպանէ Սուրիոյ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` առանց քինախնդրութեան եւ վրէժխնդրութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ ռուսական խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, որոնց լոյսին տակ Ժոմպլաթ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին շարք մը առաջարկներ պիտի ներկայացնէ:



