Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ե. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Սփորթինկ Լիզպոնի հետ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Արսենալի կողմէ դաշտ ներկայացաւ ամբողջ մրցումին:



