Ֆրանսայի մէջ շարք մը մտաւորականներ, գիտնականներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ կտրականապէս դէմ արտայայտուած են 11 նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցութեան նպատակով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութեան:
«Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ առնչութեամբ միացեալ յայտարարութիւնը ստորագրած են նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ազդեցիկ կազմակերպութիւններու անդամները:
Կոչին միացած են ֆրանսացի յայտնի փիլիսոփայ Փասքալ Պրիւքներ, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ներկայացուցած երեսփոխան Վալերի Պուայէ, «Արեւելքի քրիստոնեաներու համակարգում» կազմակերպութեան ղեկավար Փաթրիք Քարամ, Ֆրանսայի մէջ Կիպրոսի յոյներու համայնքի նախագահ Էվակորաս Մաւրոմաթիս, Փարիզի քրտական հիմնարկի նախագահ Քենտալ Նեզան եւ ուրիշներ:
Էրտողանը Փարիզի մէջ տեսնել չուզելու գլխաւոր պատճառներէն են Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը, Կիպրոսի եւ Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութեան դէմ վարած քաղաքականութիւնը, հակասեմական տրամադրութիւններու պարբերական բորբոքումն ու երկրին մէջ խօսքի եւ մտքի ազատութեան կոպիտ խախտումները:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին կոչ ուղղուած է «յստակ ուղերձ յղելու Էրտողանին, թէ փարիզեան ձեռնարկներուն անոր մասնակցութիւնը չի նշանակեր, որ Ֆրանսան հաւանութիւն կու տայ անոր վարած քաղաքականութեան»:
Յայտնի է, որ Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող մարմինը իր կարգին առանձին նամակ մը յղած է Մաքրոնին` իր բողոքը արտայայտելով Էրտողանի այցելութեան դէմ:



