Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Բրիտանիոյ լորտերու պալատի Լիբանանի հետ բարեկամութեան յանձնախումբը` նախագահութեամբ նախկին նախարար, երեսփոխան Ճոն Հէյզի եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումէն ետք, ամէն ջանք ի գործ կը դրուի երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու` նկատի ունենալով, որ տնտեսական կացութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կրած է պատերազմներու եւ շրջանային իմաստով երկրի կենսական կապերուն խզումին պատճառով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան երկիր մըն է, որ իր քոյր եւ բարեկամ երկիրներուն նկատմամբ բաց է, եւ ան միշտ կ՛ողջունէ ներդրումները` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, յատկապէս նաւթահորերու եւ բնական կազի պեղման մարզին մէջ:
Նախագահ Աուն նշեց, որ միջազգային ընտանիքին կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութեան տրամադրումը` իրենց երկիրը մեկնելէ ետք, պիտի քաջալերէ անոնց տունդարձը: Ան վերստին կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման չսպասելու` տեղահանուածներուն ապահով վերադարձը իրականացնելու նպատակով:
Իր կարգին, Ժապեր շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` բրիտանական պատուիրակութիւնը ընդունելուն համար եւ անոր ներկայացուց Լոնտոնի մէջ լիբանանեան տնտեսական խորհրդաժողով մը կազմակերպելու առումով Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատայի աշխատանքը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ Քուրայի մէջ բարգաւաճման եւ ենթակառոյցի բարելաւում իրականացնելու ծրագիրները:



