Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց ելեկտրածին շարժակներուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Խուրի շեշտեց, որ Պըրրի կը զօրակցի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան որոշումներուն` ելեկտրածին շարժակներու մարզը կազմակերպելու առումով, «ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի նախարարութեան օրինական բոլոր միջոցները օգտագործելու եւ պետութեան հեղինակութիւնը բոլորին վրայ պարտադրելու առումով», ըսաւ Խուրի` աւելցնելով, որ Պըրրի օժանդակութեան բացարձակ պատրաստակամութիւն յայտնած է նախարարութեան:
Խուրի շեշտեց, որ Պըրրի յստակ էր իր յայտարարութիւններուն եւ կեցուածքներուն մէջ` ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն հետ հանդիպումը եւ անոնց հետ բանակցութիւնը մերժելու առումով:
Պըրրի համոզուած է, որ օրէնքները պէտք է անպայման գործադրել: Ան նկատել տուած է, որ դատական իշխանութիւնները յստակ տեղեկութիւններ ունին քաղաքացիները ելեկտրական հոսանքէ զրկած ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն մասին եւ զանոնք կը կանչեն հարցաքննութեան ու խոստում ստորագրելու, թէ ելեկտրածին շարժակներով ստացուած ելեկտրականութիւնը ժամացոյցներով պիտի օժտեն` պատասխանատուութեան ենթարկուելու գնով:
Խուրի նշեց, որ մէկ ամսուան ընթացքին արդէն իսկ 850 տուգանք արձանագրուած է, իսկ այս ամսուան ընթացքին ելեկտրածին շարժակներով ստացուած ելեկտրականութեան ժամացոյցներուն սակը սկսած է հրապարակուիլ: «Կը խնդրեմ քաղաքացիներէն բաղդատել զայն նախորդ ամսուան սակերուն հետ եւ տեսնել արձանագրուած խնայողութիւնը: Մեր պարտականութիւնն է օրէնքը գործադրել», շեշտեց Խուրի:
Պըրրիի այցելեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի: Քննարկուեցան երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի 13 նոյեմբերին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան խնդիրը:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հարցը եւ այդ հարցին լուծման կարելիութիւնները:
Ֆըրզլի կոչ ուղղեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին դիմելու այնպիսի քայլի մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հանգոյցը լուծելու իմաստով ներդրում մը ունենալ:



