Լոս Անճելըսի մէջ զինեալ մը նախանցեալ օր կէս գիշերէն առաջ ներխուժած է «Պորըրլայն Պար էնտ Կրիլ» ճաշարանը եւ կրակ բացած այցելուներու վրայ` սպաննելով 12 անձեր, ներառեալ ոստիկան մը: Արձանագրուած են տասնեակ վիրաւորներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Դէպքը պատահած է Լոս Անճելըսի Թաուզընտ Օքս արուարձանին մէջ: Յարձակումի պահուն ճաշարանին մէջ գտնուած են հարիւրաւոր այցելուներ:
Յարձակումի հեղինակ Տէյվիտ Լոնկ ոստիկանութեան հետ փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին սպաննուած է: Յարձակումին դրդապատճառը յայտնի չէ: Ան զէնքը ձեռք բերած է օրինական ճամբով:



