Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ ապազինեալ գօտին տակաւին ոչ ամբողջական է` նկատի ունենալով, որ ահաբեկիչները կը շարունակեն այդտեղ առօրեայ սադրանքներ կատարել:
Ան նշեց, որ հակառակ Սոչիի փաստաթուղթին հիմամբ Իտլիպի սահմանի երկայնքին ապազինեալ գօտի ստեղծելու իրողական յաջողութիւններուն, տակաւին կանուխ է այդ հոլովոյթի ամբողջանալուն մասին խօսելու:
Զախարովա աւելցուց, որ Ժապհաթ Նուսրան ու անոր դաշնակից զինեալ խմբաւորումները այդտեղ առօրեայ դրութեամբ սադրանքներ կը կատարեն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ ըսաւ, թէ Ռաքքա քաղաքին մէջ քանդման պատկերը արեւմտեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցածէն տարբեր է, եւ այդտեղ տակաւին վերաշինութեան աշխատանքը չէ սկսած:
Ան ըսաւ, որ Մոսկուա կը զօրակցի Իրաքի մէջ քաղաքայիններու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի գործած ոճիրներուն բացայայտման համար հետաքննութիւն կատարելու ՄԱԿ-ի մէկ զեկուցումին մէջ նշուած առաջարկին:
Զախարովա նաեւ զօրակցեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի արարքները պատերազմական ոճիրներ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ նկատելուն` շեշտելով, որ անոնց բոլոր մեղսակիցները պէտք է յանձնուին արդարադատութեան:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղէ` քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ օրէնքը ինք գործադրելու, որովհետեւ Ուաշինկթընն է, որ իր քիմիական սպառազինութիւնը չէ ոչնչացուցած:
«Սուրիական Բանակը Պիտի Չվարանի Աֆրինը
Թրքական Բանակէն Ուժով Ազատագրելու»
Սուրիական բանակի հրամանատարներէն Հասան Ահմետ Հասան յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ Աֆրին շրջանը, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ծայրայեղականներու ենթակայութեան տակ գտնուող Իտլիպը ուշ կամ կանուխ պէտք է վերադարձուին Սուրիոյ իշխանութիւններուն, եւ եթէ պէտք ըլլայ, Սուրիական բանակը պիտի չվարանի ատոր հասնելու համար ուժ կիրարկելու:
«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ զօրավարը նշած է, թէ սուրիացի ժողովուրդը, բանակն ու իշխանութիւնները պատրաստ են անհրաժեշտ զոհողութիւններուն` երկրի բռնագրաւուած բոլոր տարածքները դարձեալ մայր հայրենիքին միացնելու համար:
«Աֆրին նոյնպէս պիտի վերադարձուի բանակի հսկողութեան: Եւ եթէ այլ ելք չմնայ` բանակի ձեռքն ու ոտքը կապուած չեն», ըսած է Հասան:
Ան նաեւ շեշտած է, որ հակառակ Իտլիպի մէջ ժիհատականները զինաթափելու եւ ապազինեալ գօտի ստեղծելու Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութեան, Սուրիան պիտի չվարանի տարածքը իր բանակի վերահսկողութեան վերադարձնելու:
Զօրավարին համաձայն, հակառակ Իտլիպի վերաբերեալ Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութեան, ահաբեկիչները զինաթափելու հարցին մէջ թրքական կողմը կրնայ ձգձգել հոլովոյթը կամ սադրանքներու դիմել, մինչդեռ այդ ամէնը որեւէ ձեւով պիտի չփոխէ սուրիական բանակի ծրագիրները:



