«Ֆորմիւլա-1»-ի կայքը պաշտօնապէս հաղորդեց, որ 2020-ին, աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրիներէն մէկը տեղի պիտի ունենայ Վիեթնամի մէջ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ Հանոյ քաղաքի կեդրոնը գտնուող վազքուղիին վրայ, որուն երկարութիւնն է 5562 քիլոմեթր:
«Ֆորմիւլա-1»-ը այս որոշումին յանգեցաւ, որպէսզի իր յայտագիրին մէջ նոր վազքուղի մը աւելցնելով ասիական ցամաքամասին մէջ, այս մարզաձեւին աւելի զարկ տայ:



