Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ազգային պարտականութիւն է, որուն համար պէտք է յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւնը ի մօտոյ յայտարարել:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու մէկ զօրամասը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թրիփոլիի նաւահանգիստին մէջ ձախողեցուց սուրիացի տեղահանուածներու խումբ մը գաղտնօրէն Կիպրոս փոխադրելու գործողութիւն մը: Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին երեք լիբանանցիներ եւ սուրիացի մը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի շեշտեց, որ փոխվարչապետի պաշտօնը պէտք է անպայման նկատի առնուի` սահմանադրութեան մէջ անիկա նշուած ըլլայ թէ ոչ:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ դրամատուներուն մեքանիզմը բաւարար է` լուծելու համար Հըզպալլայի դէմ հաստատուելիք նիւթական հաւանական պատժամիջոցները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերեթի Ժուլը, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ 6 զինուորական հիւանդանոց կառուցելու ծրագիրը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց վերացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազեցաւ 700 լ. ոսկիով, իսկ կազի թիթեղին սակը` 1000 լ. ոսկիով:

ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ 15 տարի շարունակ Մուսթաքպալ հոսանքը դարձած է սիւննի համայնքի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ այսօր խորհրդարանին մէջ իբրեւ սիւննի համայնքի ներկայացուցիչներ իրենք ալ իրաւունք ունին խօսելու սիւննի համայնքին անունով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ անկախ սիւննիները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու մերժումը եւ զանոնք սուրիական-իրանեան առանցքին հետեւորդ սիւննիներ կոչելը վարկաբեկիչ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, թէ այն յայտարարութիւնը, որ կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ չամբողջանալ, եթէ վեց ընդդիմադիր սիւննի երեսփոխաններէն մէկը նախարար չնշանակուի, համազօր է կառավարութիւն չկազմելու կոչին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը կը լուծուի, երբ այդ աշխատանքը ստանձնողները նկատի կ՛ունենան անկախ սիւննի համայնքին ներկայացուցիչ նախարարը:

ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկը կրնայ հանգուցալուծուիլ կառավարութեան մէջ այդ պլոքի ներկայացուցիչ նախարարին թեկնածութիւնը վեթոյի ենթարկողին կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժի Ղարիոս շեշտեց, որ ընդդիմադիր սիւննիներու ներկայացուցչութեան մասին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած յայտարարութիւնը սահմանադրական է եւ ոչ մէկ քաղաքական ուժի դէմ ուղղուած է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Հըզպալլա պէտք է բարեհաճի իր նախարարներուն անունները ներկայացնել, որպէսզի կառավարութեան նոր կազմը յայտարարուի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կայ միջնորդ մը, որ կ՛աշխատի սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցը լուծել` առաջարկելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ինք նշանակէ սիւննի անձնաւորութիւն մը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու է, որ ոչ ոք պարտուի, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի խուսանաւումներ չի կատարեր: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, կը գրէ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած յապաղումը Լիբանանը փորձանքներու կ՛ենթարկէ, իսկ Հըզպալլայի կողմէ սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցին բռնկեցումը ներքին լիբանանեան խնդիր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ կը հաստատեն, որ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան հարցով ոչ մէկ նորութիւն կայ, բացի ընթացքի մէջ եղող խորհրդակցութիւններէն: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի բնաւ չէ հետաքրքրուած Մարտ 8-ի սիւննիները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու պազարով:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն Խաբել Թուրքիան» Կ՛ըսէ Քալըն

Յաջորդը

Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Լազարինիին Կը Ներկայացնէ Լիբանանի Նկատմամբ ՄԱԿ-ի Արձանագրած Թերացումները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.