Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Կրնան Արտօնել 16 Տարեկանէն Քուէարկել

November 6, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթընի իշխանութիւնները կը քննարկեն դաշնակցային եւ տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրական տարիքը մինչեւ 16 նուազեցնելու կարելիութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի իրաւաբանական կոմիտէն արդէն հաւանութիւն տուած է այդ որոշումին:

Այժմ 13 նոյեմբերին ընտրութիւններուն մասնակցելու համար տարիքի նշաձողի իջեցումը պիտի դրուի Քոլոմպիա շրջանի խորհուրդի քուէարկութեան:

Եթէ խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը քուէարկէ ընտրութիւններու մասին օրէնքի փոփոխութիւններուն ի նպաստ, ապա հարցը պիտի ներկայացուի քաղաքապետի քննարկման եւ ստորագրման: Բացի ատկէ, փոփոխութիւններու որդեգրման պարագային, տեղական օրէնսդրութեան համաձայն, անոնք ուժի մէջ պիտի մտնեն 30 օր ետք:

Պատկերասփիւռի կայանին տուեալներով` խորհուրդի 13 անդամներէն 8-ը արդէն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են այն երիտասարդ ամերիկացիներուն, որոնք կ՛ուզեն ընտրութիւններուն մասնակցիլ: Եթէ բարեփոխումը որդեգրուի, ապա Ուաշինկթըն պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու առաջին մեծ քաղաքը, ուր 16 տարեկան պատանիները քուէարկելու իրաւունք պիտի ունենան:

Այդ պարագային 10,4 հազար ամերիկացի պատանիներ պիտի կարենան քուէարկել 2020 թուականին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան: Այդ ատեն անոնք պիտի ըլլան 16 եւ 17 տարեկան: Ուշագրաւ է, որ այդ պատանիներուն 80 առ հարիւրէն աւելին պիտի ըլլան ոչ սպիտակամորթ ամերիկացիներ:

Նախորդը

Էրտողան. «Ահաբեկչական Խմբաւորումները Պէտք Է Անյապաղ Լքեն Մընպեժը»

Յաջորդը

Սի Ձինփին Խոստացած Է Պաշտպանել Չինաստանի Մէջ Գործող Օտարերկրեայ Ընկերութիւններուն Շահերը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.