Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտարարեց, թէ վարչապետ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան գծով լսեց բոլոր կողմերուն, ներառեալ անկախ սիւննիներուն կարծիքներն ու կեցուածքները: Այս հոլովոյթին մէջ, կառավարութեան կազմութեան դիմաց երեւան ելաւ երեք հանգոյց` Լիբանանեան ուժերու, տիւրզիներու եւ անկախ սիւննիներու հանգոյցները. հետեւաբար, սիւննիներու խնդիրը նոր խնդիր չէ:
Հըզպալլան, մամուլի ճամբով կարծիք յայտնելու փոխարէն, նախընտրած էր խնդրոյ առարկաներուն յայտնել իր կեցուածքը բոլոր հանգոյցներուն գծով: Դժբախտաբար, սակայն, անցնող ամիսներուն լուրջ աշխատանք չտարուեցաւ եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ չխօսուեցաւ անկախ սիւննիներու հանգոյցին մասին:
Քասեմ աւելցուց, որ Հըզպալլան կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը կ՛ակնկալէ, իսկ այս հարցին լուծումը վարչապետին ձեռքն է` իր հասկացողութեան եւ հայեցողութեան հիմամբ: Անկախ սիւննիները քաղաքացիներու լայն հատուած կը ներկայացնեն եւ ըստ ընտրութիւններուն իրենց բերած արդիւնքին, անոնք իրաւունք ունին կառավարութեան մէջ ներկայացուելու:



