Իսլամական կրօնական խորհուրդը յայտարարեց, թէ աչալուրջ է կառավարութեան կազմութեան խաղաղ եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ տեղի ունենալուն` դիտել տալով, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտներու առջեւ դնելը պետութիւնը, սահմանադրութիւնն ու հաստատութիւնները անկարողութեան առջեւ դնելու փորձ է:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն համագործակցելու եւ հեռու մնալու անհամաձայնութիւններէ` յոյս յայտնելով, որ մինչեւ Լիբանանի անկախութեան տօն կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ:
Իսլամական կրօնական խորհուրդը դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն դէմ կազմակերպուած արշաւները եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց այդ իշխանութիւններուն` ըսելով, թէ Լիբանան եւ Սէուտական Արաբիա եղբայրական եւ պատմական յարաբերութիւններ ունին եւ չեն ազդուիր ըսի-ըսաւներէ:



