Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ…

November 3, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շուտ Չգաս…
  • Մրցումներու պատճառով յաճախ ճամբորդող մարզիչի մը կինը, իր ամուսինին կ՛ըսէ.

– Հոգի՜ս, երբ դուն գործի բերումով կը ճամբորդես, ես շատ կը վախնամ:

– Վախնալիք  բան չկայ: Թերեւս կարծածէդ շուտ կը վերադառնամ:

– Ճիշդ ատոր համար կը վախնամ:

Չհարցնես…
  • Մարզական ասպարէզը շատոնց աւարտած երկու մարզիկներ իրարու կը հանդիպին տարիներ ետք: Մէկը կ՛ըսէ.

– Չես հարցներ ինչպէ՜ս կ՛ապրիմ:

– Ինչպէ՞ս կ՛ապրիս:

– Մի՛ հարցներ:

Միայն Դրամ

  • Ըմբշամարտի  մրցումի մը ընթացքին, մարզիկներէն մէկը  ծանրօրէն վիրաւորուելով հիւանդանոց կը փոխադրուի, ուր քանի մը օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք կ՛արթննայ եւ բժիշկին կ՛ըսէ.

– Օ՜հ, պարոն բժիշկ, կեանքս ձեզի կը պարտիմ:

Բժիշկը անտարբեր կ՛ըսէ.

– Ոչ, սխալ է, ինծի միայն 10 հազար տոլար պարտական էք:

Բառ Մը Չըսաւ
  • «Ֆորմիւլա 1»-ի կարեւոր մրցումէ մը երկու օր առաջ, տիտղոսին միակ թեկնածու  վարորդը,  արկածի պատճառով կը կորսնցնէ տեսողութիւնը:

Ընկերները երբ կ՛այցելեն անոր, կը հարցնեն, թէ մարզիչը ի՞նչ ըսաւ:

– Ըրած հայհոյանքները ըսածներէն դուրս ձգե՞մ:

– Այո:

– Ուրեմն բառ մը անգամ չըսաւ:

Ապահով Ապահովագրութիւն

  • Օդանաւային մրցումներու մասնակցող օդաչու մը, բարձր տրամադրութեամբ տուն գալով կնոջը կ՛ըսէ.

– Այլեւս պէտք չէ, որ մտահոգուիս ապագային համար. ես ապահովագրեցի կեանքս, այնպէս, որ եթէ ինծի բան մը պատահի, դուն կը ստանաս մէկ միլիոն տոլար:

Կինը կ՛ըսէ.

– Անշո՜ւշտ, իսկ եթէ բան մը չպատահի…

Մինչեւ Տասը…

  • Հայրը դժգոհ տղուն դասերու նիշերէն, անոր կ՛ըսէ.

– Մինչեւ տասը չես կրնար հաշուել, չեմ գիտեր ի՞նչ պիտի դառնաս:

Տղան կ՛ըսէ.

– Ես գիտեմ:

– Ի՞նչ:

– Բռնցքամարտի իրաւարար:

 

Նախորդը

Դաւիթ Տօնոյեանը Լիբանանի Մէջ Ստորագրած Է Ռազմական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Արսենալ – Լիվըրփուլ

RelatedPosts

Նշմար.  Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ
Մարզական

Նշմար. Այաքս Նոյնիսկ Կը Նահանջէ

November 6, 2026
Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Պայրագտարեան Ընդունեց Խալիլը

November 6, 2026
Պասքեթպոլ.  Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես – ՀՄԸՄ` 76-70

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.