Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին` նշելով, որ տուեալ հարցին շուրջ լուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումը դժուար թէ կարելի ըլլայ, քանի տակաւին Հայաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակը չէ կայունացած:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Լաւրով մանրամասնած է, թէ նախապէս Տուշանպէյի մէջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կը վերաբերի հաղորդակցութիւններու, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներու շարունակման, ինչպէս նաեւ այն հարցին, որ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը պատրաստակամ են շարունակելու աշխատիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ:
«Մենք այդպիսի դիրքորոշումը կ՛ողջունենք: Կը հասկնանք, որ քանի տակաւին ներկայիս տեղի ունեցող ներքաղաքական բաւական բուռն հոլովոյթները չեն աւարտած, դժուար թէ կարելի ըլլայ ստեղծուած ճգնաժամէն դուրս գալու եւ ղարաբաղեան տագնապի լիարժէք լուծումն ապահով որոշակի տարբերակներու լուրջ քննարկումը», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:



