Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանը Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Վարչապետ Չընտրուեցաւ. Խորհրդարանը Ինքնալուծարուեցաւ

November 2, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 նոյեմբերին Ազգային ժողովի նիստին քուէներու 0 դէմ, 0 թեր, 13 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանը երկրորդ անգամ ըլլալով վարչապետ չընտրուեցաւ: Ան միակ թեկնածուն էր, որ առաջադրուած էր Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն 3/5 ձայնով. այս առաջադրումը խորքին մէջ ձեւական բնոյթ կը կրէր:

Նախքան քուէարկութիւնը, Փաշինեան կատակեց. «Խորհրդարանը երկու անգամ զիս վարչապետ չէ ընտրած, մէկ անգամ ընտրած է: Յոյսով եմ` մէկ անգամ եւս չ՛ընտրեր, եւ հաշիւը կը դառնայ 3-1»:

Նշենք, որ ասիկա Փաշինեանի 4-րդ առաջադրումն էր վարչապետի թեկնածուի պաշտօնին համար:

Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան յուշեց, որ պէտք չէ ընտրել վարչապետը: «Այնքան կառուցողական էին ելոյթները, ես վախցայ, որ բոլորդ կ՛ընտրէք եւ հոլովոյթը կը խափանէք», ըսաւ ան:

Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն, ինչպէս նախորդ անգամ, այս անգամ եւս պիտի չմասնակցի քուէարկութեան:

Քուէարկութենէն ետք Բաբլոյեան յայտարարեց Փաշինեանի չընտրուելուն մասին, եւ այսպիսով Ազգային ժողովը իրաւունքի ուժով ինքնալուծարուեցաւ:

Ռուզաննա Առաքելեանը` Նիկոլ Փաշինեանին. «Ի՞նչ Է Ձեր Դիրքորոշումը Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ»

Վարչապետի ընտրութեան հարցի քննարկման ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքելեան` դիմելով վարչապետի պաշտօնակատարին, նշեց, որ, թէեւ անոր այդ օրուան խօսքը Հայաստանի տնտեսութեան կը վերաբերէր, բայց զինք կը հետաքրքրեն նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար` հայ-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակեն հիմնական ըլլալ: «Թէեւ յայտնի արձանագրութիւնները (Հայաստան – Թուրքիա) առ ոչինչ են, բայց հետաքրքրական է ունենալ ձեր տեսակէտը` հայ-թրքական յարաբերութիւններու ապագային գծով. ի վերջոյ, մեր սահմանները փակ կը մնան, եւ այս մարտահրաւէրը կը մնայ առաջնահերթ: Ի՞նչ է ձեր դիրքորոշումը այս հարցին առնչութեամբ»:

Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց. «Եթէ թոյլ տաք, ես ձեր հարցումին քիչ մը ընդարձակ կը պատասխանեմ: Վերջերս փորձառու դիւանագէտի մը հետ հանդիպումի ընթացքին, երբ կը խօսէինք մեր երկրի իրավիճակին մասին, ներկայացնելով Հայաստանի սահմանային կացութիւնը, նշեցի, որ Հայաստանի չորս սահմաններէն երկուքը` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ սահմանները, փակ են: Ընդ որում, փակ են միեւնոյն հարցին` Արցախի տագնապին պատճառով: Ընդ որում, անհեթեթ է, որ երկիր մը միւս երկրին հետ յարաբերութիւնները կը կապէ երրորդ երկրի հետ անոնց ունեցած յարաբերութիւններով: Ես ըսի նաեւ, որ մենք ունինք երկու սահման, որոնք խորքին մէջ կիսաբաց կարելի է նկատել: Քանի որ, օրինակ, Իրանի հետ սահմանը որեւէ պահու կրնայ տէ ֆաքթօ փակուիլ աշխարհաքաղաքական պատճառներով` Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններուն պատճառով: Հայաստան-Վրաստան սահմանը եւս կրնայ փակուիլ աշխարհաքաղաքական կամ վատ եղանակային պայմաններու պատճառով: Փաստօրէն, կարելի է արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կղզի է առանց ծովու: Ես անոր հարցուցի, թէ արդեօք կրնա՞յ խորհուրդ տալ` ինչպէ՛ս պէտք է վարուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս պայմաններուն մէջ: Եւ ասիկա, կը կարծեմ, վերջին փաստարկն էր, որ օգնեց փորձառութիւն ունեցող դիւանագէտին ընդունիլ մեր դիրքորոշումները եւ փաստարկները, զորս մենք կը ներկայացնէինք արտաքին քաղաքական շատ կնճռոտ հարցի մը քննարկման ատեն»:

Փաշինեան անկէ ետք ըսաւ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին կրնայ ըսել նոյնը` Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման: «Կը խնդրեմ, ոեւէ մէկը այս ձեւակերպումը չընկալէ այնպէս, որ մենք որեւէ ձեւով կը նսեմացնենք 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, որովհետեւ Ցեղասպանութեան հարցը մեզի համար եւ մեր ընկալումով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիր չէ, մեզի համար անվտանգութեան խնդիր է, եւ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ միջազգային անվտանգութեան խնդիր է: Ասիկա մեր ներդրումն է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համաշխարհային եւ միջազգային շարժման մէջ», ըսաւ Փաշինեան:

Ան աւելցուց, որ հայ-թրքական սահմանը Հայաստանի կողմէ փակ չէ, այլ` Թուրքիոյ: «Սահմանը փակ է Թուրքիոյ կողմէ, եւ փակ է ղարաբաղեան տագնապին պատճառով, եւ ասիկա վատ քաղաքականութիւն է, որովհետեւ եթէ ոեւէ մէկը յոյս ունի, որ Արցախի կամ Հայաստանի ժողովուրդը հարկադրանքի եւ սպառնալիքի ճամբով կրնայ մղել Ղարաբաղի տագնապի լուծման այս կամ այն տարբերակին, կը սխալի: Այո՛, մենք պատրաստ ենք հարցի լուծման շուրջ բանակցային հոլովոյթի, բայց կը բացառենք, որ մեր կառավարութիւնը կամ մեր ժողովուրդը հարկադրանքի, սպառնալիքի, շրջափակումներու գործադրութեամբ որեւէ քայլ առնէ: Ընդհակառակն` մենք այդ պայմաններուն գործադրութեամբ աւելի կ՛ամրանանք, աւելի կ՛ամրապնդուինք եւ, ի վերջոյ, կը հասնինք մեր ազգային նպատակներուն», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Արցախի Ժողովուրդը Ինք Պէտք Է Որոշէ Իր Ճակատագիրը

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրամանագիր Ստորագրած Է Արտահերթ Ընտրութիւն Նշանակելու Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.