Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Արդիւնաբեր Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը Կը Պահանջենք Ամէնէն Արագ Միջոցին, Իսկ Բարեկարգումը Անհրաժեշտութիւն Է»

November 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումի քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանին մէջ Տըքուանիի քաղաքապետարանին կազմակերպած տնտեսական սեմինարին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ: Սեմինարին ներկայ էին նաեւ նախկին նախարար Տըմիանոս Քաթթար եւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր:

Քանաան յայտարարեց, որ «Լիբանանի տնտեսական վիճակը լաւ չէ, եւ մենք մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք, բայց եւ այնպէս քայքայման սեմին չենք, մանաւանդ որ կրնանք մարտահրաւէրները դիմագրաւել, ինչպէս որ հիւանդ մը կը դիմագրաւէ, իր հիւանդութիւնը` բուժումով: Այո՛, Լիբանանի մարմինը հիւանդ է` վերջին 27 տարուան ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան պատճառով, բայց ունի իրավիճակը բարեկարգելու զօրաւոր կամք: Անհրաժեշտ է, որ համագործակցինք` իրականացնելու համար այդ բարեկարգումը եւ բարձր պահելու համար մեր յոյսը»:

Պատասխանելով «քայքայում» բառին օգտագործումը մերժելուն մասին հարցումի մը` Քանաան ըսաւ, որ Լիբանանի դիմադրող ընկերութեան չի վայելեր այդ բառը, մանաւանդ որ ան ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ ալ տարած է իր գոյապայքարը: «Ներկայիս ունինք նախագահ մը, որով հպարտ ենք, եւ որ իր պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարիներուն ընթացքին քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւն բերաւ: Այս կայունութիւնը պիտի շարունակենք արդիւնաբեր վերահսկողութեամբ եւ զօրաւոր օրինական իշխանութեամբ», ըսաւ ան:

Քանաան յայտնեց, որ արդար ու զօրաւոր իրաւական համակարգ ունենալը եւ անոր անկախութեան պաշտպանութիւնը հաշուետուութեան հիմնական ծրագիրներէն մէկն է: Հետեւաբար, յաջորդ փուլին առաջնահերթութիւն է դատական իշխանութեան ամրապնդումը, որպէսզի կարենանք շարունակել վերահսկողութիւնն ու  բարգաւաճումը:

Ան յոյս յայտնեց, որ ամէնէն արագ միջոցին կազմուի կառավարութիւնը` դիտել տալով, որ ազգային միասնակամութեան կառավարութեան մասին խօսելով կը խօսինք որոշումներուն եւ լուծումներուն մէջ բոլոր կողմերուն պատասխանատու մասնակցութեան մասին:

Խօսելով տնտեսական վիճակին անկումին մասին` ան ըսաւ, որ Լիբանան 1990-էն ի վեր այս մտահոգութիւնը կ՛ապրի, եւ թէեւ այս փուլը բարեկարգումի փուլ է, սակայն կախարդական գաւազան մը չկայ, որ ամէն ինչ կարգի կը բերէ եւ պետական պարտքը շուտով կ՛ոչնչացնէ: «Լիբանանի մէջ օրէնքի եւ պետական պիւտճէն յարգելու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ իսկական բարեկարգումի փուլ թեւակոխելը այս շրջանին հրամայականն է: Շարունակենք խորհրդարանի վերահսկողութիւնը իրականացնել, կառավարութեան արդիւնաբերութեան զուգահեռաբար, որպէսզի վերագտնենք յոյսը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Պասիլ Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Առաջարկ Կը Ներկայացնէ

Յաջորդը

Նախագահ Զօր. Աուն Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ Արծարծեց Ապահովական Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.