«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր համագումարին ընթացքին յայտարարեց, թէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալին մասնակցող խումբերուն թիւը կրնայ բարձրանալ 48-ի:
«Մենք որոշած էինք, որ 48 խումբ ըլլայ 2026-ի մոնտիալին:
Այժմ սակայն կը մտածենք այդ թիւը բարձրացնել Քաթարի մոնտիալին ընթացքին:
«Կ՛ուզեմ սակայն նշել, որ այդ տարբերակը տակաւին կ՛ուսումնասիրենք: Համապատասխան մասնագէտներու հետ քննարկելէ ետք զայն, պիտի տանք համապատասխան որոշում», ըսաւ ՖԻՖԱ-ի ղեկավարը:



