Երէկ` չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին, իր աւարտին հասաւ Արաբական պասքեթպոլի ակումբներու աղջկանց 20-րդ ախոյեանութիւնը, երբ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ եգիպտական Ահլին:
Երկու կազմերը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած էին այս մրցաշարքին ընթացքին, եւ այդ մրցումին յաղթանակ արձանագրած էին ՀՄԸՄ-ի աղջիկները:
Երէկուան այս մրցումին եւս, ՀՄԸՄ-ի տիրապետութեամբ ընթացած այս մրցումը դարձեալ աւարտեցաւ Լիբանանի ներկայացուցիչին յաղթանակով` 83-57 արդիւնքով:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ տիտղոսը պահեց իր մօտ, բարձրացնելով բաժակը, ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան, որոնք Աղեքսանդրիա գացած էին քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:
Մրցումին աւարտին, Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուի տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Մեղրի Թորոսեանին` տօնական մեծ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող Ռեպեքա Աքըլ ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը` անոր կազմակերպիչներուն կողմէ:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը այս փառաւոր յաղթանակին համար` ՀՄԸՄ Անթիլիասի մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը.
Ռեպեքա Աքըլ (14 կէտ, 5 ռիպաունտ, 10 էսիսթ), Ռոնիքա Հոճզ (20 կէտ, 5 ռիպաունտ, 5 էսիսթ), Արլանա Լարքինս (22 կէտ, 13 ռիպաունտ, 4 էսիսթ), Մեղրի Թորոսեան (10 կէտ, 5 ռիպաունտ, 5 էսիսթ), Շիրին Շերիֆ (10 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 պլոք), Լէյլա Ֆարես (2 կէտ, 4 ռիպաունտ, 3 էսիսթ), Միրամար Մըքտատ (2 կէտ, 3 ռիպաունտ, 3 էսիսթ), Լէա Ապի Ղոսըն (4 ռիպաունտ) եւ Մեղրի Զաքարեան (3 կէտ):




