Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, քանի մը հանգրուանով, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցան լիբանանցի մարզիչներու Ա. կարգի դասընթացք քննութիւնները` հսկողութեամբ փորձառու սերպ մասնագէտ Միլան Քոթարիչի:
Քննութիւններուն վերջին օրը, անոնց մասնակցող 17 մարզիչները բոլորն ալ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիէն ստացան մարզիչի իրենց Ա. կարգի վկայականները:
Հալապի 17 մարզիչներուն մաղթեց յաջողութիւն` իրենց սկսելիք ասպարէզին ընթացքին:



