Նախորդ յունիսին Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ նշանակուած սպանացի Խիւլեն Լոփեթեկի, այս տարեշրջանին բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրելով իր կազմին հետ, չկրցաւ պահել իր պաշտօնը եւ պաշտօնանկ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:

Անոր փոխարէն, 42 տարեկան արժանթինցի Սանթիակօ Սոլարի նշանակուեցաւ մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, (2 շաբթուան համար), յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սոլարի, որ 2013-էն 2016 եղաւ Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլի երիտասարդական խումբին գլխաւոր մարզիչը, արդէն իսկ այս տարեշրջանին ընդգրկուած էր արքայական ակումբի գլխաւոր խումբի մարզիչներու կազմին մէջ:


