Այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին, լիբանանեան պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն նախագահ զօր. Միշել Աուն ուղղակի եւ բաց հարցազրոյց պիտի ունենայ եւ խօսի իր պաշտօնավարման երկու տարուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն եւ յառաջիկայ քառամեակի ձգտումներուն մասին:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով տարուած ջանքերուն ծիրին մէջ, Աուն յայտնեց, որ կը հետեւի կազմութեան համար տեղի ունեցած բանակցութիւններուն: Այս առնչութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրի Պաապտայի մէջ դռնփակ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ տեսակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ. ըստ «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, վարչապետը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Մարտ 8-ի սիւննիական ուժերու ներկայացուցչութեան վերաբերեալ: Ըստ նոյն աղբիւրին, Հարիրի նախագահին յայտնած է, որ կառավարութեան կազմը պատրաստ է, կը մնայ ամբողջացնել պակսող անունները: Իսկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վարչապետը մերժած է Մուսթաքպալ հոսանքէն դուրս այլ սիւննիներու նախարար նշանակումը` յայտնելով, որ անոնք միայն 8 տոկոս կը հաշուեն եւ մէկ պլոքի չեն կազմեր ու մէկ կուսակցութեան չեն պատկանիր` դիտել տալով, որ ան որ կ՛ուզէ զանոնք նախարարութեան պաշտօնի կանչել, թող իր բաժինէն նուիրէ անոնց:
Այլ գծով, նախագահ Աուն ընդունեց ԷՍՔՈՒԱ-ի պաշտօնաւարտ գործադիր քարտուղար դոկտ. Մոհամետ Ալի Հաքիմը, որ հրաժեշտի այցելութեամբ մը եկած էր նախագահին, նախքան Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնը ստանձնելու համար մեկնիլը: Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան դոկտ. Ալի Ապպաս Պանտար Ամիրի: Նախագահ Աուն շնորհաւորեց նախարարը իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով եւ շեշտեց Լիբանան-Իրաք յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը: Իր կարգին, նոր նշանակուած նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ԷՍՔՈՒԱ-ի մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանին Լիբանանի ցուցաբերած համագործակցութեան համար եւ լաւագոյնը մաղթեց Լիբանանին:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Շուֆի պէտքերը:
Հանրապետութեան նախագահը հանդիպում ունեցաւ Անթունիէ համալսարանի նախագահ հայր Միշել Ժալախի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր պատուիրակութիւն մը` բաղկացած վարչական գործերու փոխնախագահ հայր Զիատ Մաաթուքէ, Մարդկային համընդհանուր զարգացումի փոխնախագահ հայր Ժան Ալամէ եւ գործադիր փոխնախագահ դոկտ. Փասքալ Լահուտ: Հանդիպումին, պատուիրակութիւնը ներկայացուց համալսարանին ներկայ կրթական վիճակը եւ հրաւէր յանձնեց նախագահին` մասնակցելու Պաապտայի համալսարանին մէջ յառաջիկայ դեկտեմբերին կայանալիք Ս. Ծննդեան տօնին նախօրէի հանդիսութեան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հեռագիր ուղարկեց Ինտոնեզիոյ նախագահին` ցաւակցելով օդանաւի վերջին արկածին պատճառով զոհ գացածներուն:



