Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 121-ԱՄԵԱԿ. ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՈՍՏՈՒՄԸ (ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄՆԵՐ)Դ.

December 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ  ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ատենի` հայ յեղափոխական թէ ազատագրական պայքարի ամէնէն թէժ տարիներուն, երբ ժողովուրդի ստրկացած հոգիներու զարթնումին լծուած տարբեր հոսանքներ, միութիւններ եւ կուսակցութիւններ ի գործ կը դնէին բազմակողմանի առաջադրանքներ, գործընթացներ եւ աշխատանքային ուղղութիւններ, արձանագրուած յաջողութիւններու առընթեր անխուսափելի դարձան նաեւ ձախողութիւններն ու բացթողումները, որոնք շատ անգամ յուսալքումի եւ խուճապի մատնեցին հասարակական կեանքի տարբեր շերտեր:

Սակայն, հակառակ տիրող խաժամուժ իրերու դրութեան, քաղաքական աննպաստ պայմաններուն, կայսերական խօլ արշաւներուն եւ նոյնինքն ներազգային ապառողջ երեւոյթներուն, գտնուեցան անհատականութիւններ, իրենց կուսակցական պատկանելիութեամբ հպարտ, ազգային դիմագիծով եւ  գաղափարախօսութեամբ հրաբորբ, որոնք յաջողեցան ապահովել  կենարար ոստումը ներհայկական կեանքի թէ միջազգային ասպարէզներու մէջ` եւ ցոյց տուին ազգային գիտակցական մակարդակի շէնշող պատուանդան ու ազատախոհական տրամադրութիւններու բացարձակ ունակութիւն:

Ճիշդ է, որ նման իրադրութիւններու թոհուբոհին մէջ ազգը իր կարգին փորձ մը կատարեց սթափումի եւ ինքնաճանաչման, որով կենսաւորեց զգացական եւ յուզախառն իր միջավայրը, այսուհանդերձ, քաղաքական մշակոյթի, հաւաքական կամքի, հոգեկերտուածքի թէ ազատագրական պայքարի ջրդեղումին մէջ զգալի կը դառնար բացակայութիւնը հոգեփոխիչ նոր շարժումի մը, պայծառ տեսլականի եւ ազգակերտ ճանապարհներու հարթումին:

Դաշնակցական իրականութեան համար նման ուղղութեան որդեգրումին մէջ իրենց ամենափայլուն եւ պատուաբեր ներդրումը ունեցան հիմնադիր Երրորդութեան կողքին նաեւ առաջին սերունդի օրինակելիները, որոնց իւրաքանչիւրի հոգեմտային աշխարհն ու նուիրաբերող վարքագիծը, ծառայութիւնն ու բացառիկ հայրենապաշտութիւնը դարձաւ հաւատամքի ու գործելաոճի պատուանդան, մղիչ ուժ եւ ազատասիրութեան լուսաշող ուղի:

Ֆետայական շարժումի հոգեպինդ մթնոլորտէն մինչեւ ազատագրական պայքարի ամէնէն նուիրական հանգրուան` Հայաստանի անկախացում եւ պետականութեան հաստատում, ՀՅԴաշնակցութեան համար հայ կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառի յանձանձումը` պարտաւորութեան եւ գերազանց ընծայաբերումի գիտակցութիւնն էր, ազգին վերադարձնելու վերապրումի եւ սխրանքներու փայլքը, ինքնակառավարման ու բարգաւաճելու հրայրքը:

Սփիւռքեան կեանքի երկնակամարի վրայ արձանագրուած այլապէս դժուարին ու այլասերիչ պայմաններու անդոհանքին ներքեւ, դաշնակցական մտքին ու գործին համար նորովի կեանք վարելու եւ ինքնահաստատման արդի պայմաններ որոնելու հարկադրանքին տակ պարտաւորութիւններու յաւելեալ հորիզոն կը բացուէր, հայ պետական անկախ կառոյցի չգոյութեան եւ ազգային միասնական ճանապարհներու բացակայութեան:

Փաստօրէն, դաշնակցական յեղափոխական ու մարտական ոգիի դարբնումին պիտի յաջորդէր ազգային ոգեկան արժէքներու, մշակոյթի պահպանումն ու սերունդներու ինքնագիտակցական մակարդակի ձեւաւորումը:

Ի դէպ, 121-ամեայ իր գոյերթով իսկ հաստատագրուած իրողութիւն է դաշնակցական մտածելակերպի, կենսաձեւի ու աշխարհահայեացքի իւրայատկութիւնը, որ սակայն իր կարգին կը դիմագրաւէ այնպիսի խոչընդոտներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնց նկատմամբ հարկ է ստեղծել ինքնապաշտպանական համակարգ, վերանորոգումի ու բարեփոխութեան այնպիսի հայեցակարգեր, արդի կեանքին ու մտայնութեան համահունչ գործելակերպեր, որոնք պիտի կարենան ջրդեղել ժառանգականութեան ամբողջ հոլովոյթը:

Այս առումով, որքան փափաքելի եւ անհրաժեշտ է դաշնակցական մեծութիւններու շառաւիղներուն հետ անմիջական յարաբերութիւններու ստեղծումը, այլապէս ալ անոնց շիրիմներուն վրայ դաշնակցական խօսքի ու երախտիքի արձագանգումը` իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ:

Այսօր ամէն քայլափոխի դաշնակցական միտքն ու գործը ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ բազմապիսի կեանքի դժուարութիւններու,  մտայնութեանց բախումի, փոխադարձ յարաբերութիւններու, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, գաղափարական ու մանաւանդ` գաղափարախօսական հակոտնեայ մօտեցումներու, որոնք հարկադրաբար մտածել կու տան բոլորի՛ս հետամուտ ըլլալ ինքնարժեւորման եւ ինքնաթելադրութիւներու հրամայականին, նկատի առած կեանքի արագընթաց եւ արտասովոր ուղղուածութիւններու եւ համայնակուլ աշխարհահայեացքներու վտանգը:

Ինչպէս բոլորի պարագային, նաեւ մեզի համար անյետաձգելի պայման ու պարտադրանք է կենսաւորել կուսակցական կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառ` դաշնակցական նուիրական արժէքներու ընկալումով, պատմութեան ու գրականութեան հանդէպ զգացումներու բոցավառումով, մանաւանդ`անոր ազգային գաղափարախօսութեան, յեղափոխական կոչումին ու հայրենիքի պաշտպանութեան դաւանանքի առաւել պայծառացումով:

Այլոց մեղադրանքներուն անսալու փոխարէն, դաշնակցական սերունդներուն կը մնայ քաղաքական ու գաղափարական հասունացումի ամրապնդում, նոր արժէքներու հաստատագրում եւ նախնեաց ազնուարիւն տեսակի առաւել շեշտադրում, հպարտութիւն եւ առաւե՛լ ոգեւորութիւն:

Բնականաբար, նման անսեթեւեթ ապրումներու, բարձրաթռիչ համոզումներու, անխառն զգացումներու եւ   կայտառ խանդավառութիւններու ապաւէնը դաշնակցական երիտասարդութիւնն է, ուսանողական եւ պատանեկան շարքերով եւ գաղափարանուէր հայորդիներու բարձրարժէք ընկալումներով:

 

 

Նախորդը

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԸ…

Յաջորդը

ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՆՁՆԱԴՐՈՇՄԸ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։