Շանվիլ – Սաժես բացման մրցումով այսօր կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Տիք Մըհտիի մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ նոր տարեշրջանը սկսան յաղթանակով:
Վաղը` շաբաթ, Շիահի մէջ, ժամը 17:00-ին, Պէյրութ կը հիւրընկալէ Մութթահետը, մինչ կիրակի, 28 հոկտեմբերին, նոյն ժամուն, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ, Հուփս` Ռիատին:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 29 հոկտեմբերին, երբ ժամը 19:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ Լիբանանի ախոյեան` ՀՄԸՄ կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` հիւրընկալելով Պիպլոսը:
Խումբերուն թիւը անզոյգ ըլլալուն պատճառով, այս հանգրուանին, Աթլաս մրցում չունի կատարելիք, այնպէս, ինչպէս Ա. հանգրուանին, ՀՄԸՄ մրցում չկատարեց:


