Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին կոչ ուղղած է` «ծանօթանալու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լիազօրագիրին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս-Ազրպէյճան»-ը:
Ան, անդրադառնալով Փաշինեանի չորեքշաբթի օր կատարած այն յայտարարութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող բանակցութիւններուն մէջ անհրաժեշտ է ներգրաւել նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը, ըսած է. «Առաջին հերթին կան փաստաթուղթեր: Անհրաժեշտ է ծանօթանալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի լիազօրագիրին: Ատոր մէջ յստակ նշուած է, որ արցախեան հիմնախնդիրի մասնակից կողմերը Ազրպէյճանն ու Հայաստանն են, եւ բանակցութիւնները կը վարուին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ»:



