Նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պիտի շարունակէ անհրաժեշտ քայլեր առնել Միումիէ գաղթակայանին մէջ կացութիւնն ու ապահովութիւնը պահելու համար` մանաւանդ վերջերս գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցած բախումներէն ետք, որոնց ազդեցութիւնը հասած էր նաեւ գաղթակայանէն դուրս:
Այս առնչութեամբ, զօր. Միշել Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Սայտայի, Տէյր Քամարի եւ շրջակայքի մարոնի եպիսկոպոս Էլի Հատտատի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը` բաղկացած Միումիէի քաղաքապետ Ռիֆաաթ Պու Սապայէն, շրջանի քահանաներէն եւ թաղապետերէն: Զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ բանակին կատարած դաշտային գործողութիւններուն նպատակը գաղթակայանին մէջ ապահովութեան վերականգնումն է, իսկ անոնք կը հետապնդեն անկայունութեան դրդապատճառները, որպէսզի վերջ տան բնակիչներուն անդորրը խանգարողներուն փորձերուն:
Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Միումիէի հանդէպ նախագահին ցուցաբերած հոգատարութեան համար եւ զայն իրազեկ դարձուցին շրջանի բնակիչներուն պահանջներուն, որոնք կը վերաբերին գաղթակայանի հողաշերտին սեփականատէրերը վարձքէ զերծ կացուցելուն եւ Համշարի շրջանի անշարժ գոյքերուն եւ տուներու արտօնութիւններ տալուն. պահանջներուն մէջ նշուած էր նաեւ գաղթակայանին կացութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:
Զօր. Աուն Պաապտայի մէջ դիւանագիտական հանդիպում ունեցաւ Լաթվիոյ մէջ ապրող խորհրդարանի մէջ լիբանանցի երեսփոխան Յուսամ Ապու Մըրիի եւ տիկնոջ, նախկին նախարար Լինտա Մորնիսին հետ: Անոնք խօսեցան Լաթվիոյ մէջ ապրող արտերկրի լիբանանցիներուն եւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն ու զանոնք բարելաւելու միջոցներուն մասին:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Էքուատորի մէջ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան Նաժի Խալիֆան:



