Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այցելեց Լիբանանի հարաւային շրջանը գտնուող Մլիթայի զինուորական թանգարանը: Նախարարը ընդունեցին Իքլիմ Թուֆահ նահանգի քաղաքապետարաններու միութեան նախագահ Պիլալ Շահատին, Ռիհանի քաղաքապետարաններու միութեան նախագահ Պասըմ Շարաֆ Տինը, Հըզպալլայի կեդրոնական գործունէութեան բաժինի պատասխանատու շէյխ Ալի Տահերը, «Քապաս» կրօնական հնութիւններու միութեան ղեկավար Ալի Զրէյքը եւ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ:
Առաջին հերթին, պատուոյ սրահին մէջ անոնք դիտեցին «Երկրին պատմութիւնը երկինքին համար» խորագրեալ վաւերագրականը, որմէ ետք շրջապտոյտ կատարեցին բացօթեայ թանգարանին մէջ: Կիտանեան շրջեցաւ իսրայէլեան քանդուած հրասայլեր եւ զինամթերքներ պարունակող հովիտը ու Հըզպալլայի նախկին քարտուղար նահատակ Ապպաս Մուսաուիին ծածուկ վայրը, ուր գաղտնի հանդիպումներ կ՛ունենար Հըզպալլայի զինեալներուն հետ: Ան նաեւ անցաւ 200 մեթր երկարութիւն եւ բլուրէն 70 մեթր խորք ունեցող «Ժիհատի ճանապարհ» կոչուած վայրէն, որ զինեալներու կողմէ պատրաստուած գաղտնի ճամբայ մըն էր: Վերջին բաժինով, նախարար Կիտանեան այցելեց Հըզպալլայի զինեալներուն պատերազմական իրերու ցուցասրահը, որ կը բովանդակէր 2006-ի իսրայէլեան յարձակումներէն ձեռք բերուած սարքեր:
Շրջապտոյտը իր աւարտին հասաւ ազատութեան հրապարակին մէջ, ուր Կիտանեան արտասանեց իր խօսքը: Ան ըսաւ, որ Մլիթան իւրաքանչիւր լիբանանցիի հպարտութեան աղբիւրը պէտք է ըլլայ, քանի որ այս վայրը կը վկայէ մարդուն` իր դատին, հողին եւ անկախութեան հանդէպ ունեցած հաւատքին մասին: «Իւրաքանչիւր լիբանանցի, արաբ եւ ոեւէ անհատ պէտք է գէթ անգամ մը այցելէ Մլիթա, որպէսզի ականատես ըլլայ թշնամիին տապալումին եւ հասկնայ ժողովուրդի մը համար որքան թանկագին են հայրենիքն ու ազատութիւնը», յայտնեց ան: «Զգացուած եմ այսօր կատարած այցելութեամբս եւ կրնամ հաստատել, որ ասիկա տարբեր զբօսաշրջային վայրեր տուած ամէնէն կարեւոր այցերէս մէկն է: Մլիթայէն բաժնուած ատեն շատ բան ունիմ տանելիք հոսկէ», նշեց նախարարը:
Աւարտին յուշանուէր յանձնուեցաւ նախարար Կիտանեանին:




