ՕԹԱՆ երէկ սկսաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք իր մեծագոյն ռազմափորձին:
«Եռաժանի միացում» ռազմափորձին կը մասնակցին տասնեակ հազարաւոր զինուորներ:
ՕԹԱՆ յայտարարած է, որ ասիկա կը վկայէ Եւրոպայի մէջ սպառնալիքներու աճի լոյսին տակ մարտահրաւէրներուն հակազդելու վճռականութեան, կարողութեան եւ միասնութեան մասին:
«Եռաժանի միացում» ռազմափորձին կը մասնակցին ՕԹԱՆ-ի անդամ 29 երկիրները, ինչպէս նաեւ գործընկեր պետութիւններ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի զինուորները: Անիկա պիտի տեւէ երկու շաբաթ:
«Հոկտեմբեր 25-ը կարեւոր օր է, որովհետեւ մենք կը կատարենք Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք մեծագոյն ռազմափորձը», ըսած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Ռուսիան քննադատած է ռազմափորձի կայացումը:
ՕԹԱՆ յայտարարած է, որ Ռուսիան նոր հրթիռներ տեղակայելով կը խախտէ սպառազինութիւններու կրճատման ռուս-ամերիկեան պայմանագիրը, որովհետեւ այդ հրթիռներու թիրախը կրնան դառնալ եւրոպական երկիրները:



