«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Տենվըր Նակեթց, որ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, արձանագրեց իր յաջորդական չորրորդ յաղթանակը` 126-112 արդիւնքով:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Տիթրոյիթ Փիսթընզ, կէտի մը տարբերութեամբ միայն, 133-132 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին, երկարաձգումէն ետք:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Պլէյք Կրիֆին նշանակեց 50 կէտ:
Ցարդ երեք մրցում կատարած Փիսթընզ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը:
Վերջապէս, Նիւ Օրլինզ 116-109 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին:
Իր կարգին, Նիւ Օրլինզ, որ կատարած է երեք մրցում, արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը: Անթոնի Տէյվիս (Օրլինզ) նշանակեց 34 կէտ:
Նշենք, որ Նակեթցի նման, չորս յաղթանակ արձանագրած է նաեւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ:
Ցարդ յաղթանակէ զուրկ են Շիքակօ Պուլզ, Քլիվլենտ Քաւալիրզ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Օքլահոմա Սիթի:
Ստորեւ` կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Աթլանթա Հոքս – Տալաս Մավըրիքս
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պրուքլին Նեթց
Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Շիքակօ Պուլզ – Շարլոթ Հորնեթց
Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Միլուոքի Պաքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ


