Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ակնարկելով, նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտարարեց, թէ պիտի չընդունի, որ այս ամսուան աւարտին զուգադիպող իր նախագահութեան երկրորդ տարեդարձը նշուի առանց կառավարութեան: Ըստ «Լիուա»-ի, ան յայտնեց, որ իր կարգին դիւրութիւններ ներկայացուցած է եւ հրաժարած փոխվարչապետի պաշտօնը իրեն վերապահելէն` աւելցնելով, որ չի կրնար աւելի զոհողութիւններ կատարել:
Առ այդ, նախագահը դիտել տուաւ, թէ կը փափաքի, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ ունենայ իր ներկայացուցչութիւնը, եւ ինք որեւէ կողմի հետ հարց չունի` պայմանաւ, որ կողմերը իրար հետ համաձայնին:
Պաապտայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախագահը վարչապետին աշխատանքին միջամուխ չ՛ըլլար, այլ կը սպասէ անոր ճիգերուն եզրափակումին` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութիւնը առկայ է Լիբանանեան ուժերու եւ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութենէն:
Երէկ, 24 հոկտեմբերին նախագահ Աուն ունեցաւ քաղաքական, կրթական եւ այլ հանդիպումներ: Ան հանդիպեցաւ երեսփոխաններ Մարիօ Աունին եւ Ռոժէ Ազարին, որոնց հետ քննարկեց ներկայ քաղաքական իրավիճակն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Նախագահը ընդունեց նաեւ «Էն.Տի.Եու.» համալսարանէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Հայր Փիեռ Նաժըմին: Հանդիպումին ընթացքին նախագահը ընդգծեց երիտասարդութեան` Լիբանանի մէջ գործելու եւ ներդրում ունենալու կարեւորութիւնը:
Այլ ծիրի մէջ, Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմատ Սապահ գրաւոր հաղորդակցութիւն մը յղած է նախագահին ու ընդգծած երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը: Նամակը կու գար նախագահին` Քուէյթի իշխանին յունուարին Պէյրութի մէջ կայանալիք տնտեսական գագաթնաժողովին հրաւէրին որպէս դրական պատասխան: Քուէյթի իշխանը նշած է, որ Լիբանանի մէջ նման գագաթնաժողովի մը գումարումը ողջունելի երեւոյթ է, նկատի առնելով արաբական ազգերու ապրած դժուար ժամանակահատուածը:



