Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Խօսեր Է Դերասանի Հետ

October 25, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ

Թատերական վերամուտ է Երեւան: Արմենակ անյագութեամբ կը վազէ մէկ թատրոնէն միւսը: Երբեմն կը գնահատէ, երբեմն կը քննադատէ, երբեք անտարբեր չէ: Իրեն յաճախ կ’ըսեմ, որ գրէ այդ բոլորը:

Օփերայի մօտի սրճարաններէն մին նստած էինք չորսով եւ կը դիտէինք անցուդարձը, ինքնաշարժներու անդադրում երթեւեկը եւ մեծ քաղաքներու յատուկ խճողումը, որ երբեմն կը վերածուէր խցանումի:

Արմենակ պատմեց, որ նախորդ օրը Սունդուկեան թատրոնը գացեր է եւ ներկայացման աւարտին շնորհաւորեր է դերասանները.

– Դերասանի մը ըսի, որ այլեւս ձեր պահանջները լսող կ’ըլլայ, Երեւանի քաղաքապետը ձեզմէ է: Խօսակիցս կատակերգակի իր պատրաստաբանութեամբ պատասխանեց. «Ձեզի բան մը ըսեմ. Երեւանը քաղաքապետ մը չշահեցաւ, բայց թատրոնը դերասան մը կորսնցուց»:

– Քաղաքագիտութեան դոկտոր եւ լաւ ճառախօս ըլլալիք մարդ է եղեր դերասանդ,- ըսի Արմենակին:

– Ճիշդ ես, Մակա՛ր: Ան տասը բառով տիրող իրավիճակի պատկերացումը տուաւ: Հեռատեսիլի լրագրողները, աժեմ-չաժեմի կարծիքը առնելու փոխարէն, երբեմն այս կարգի իմաստուններուն ձայն պէտք է տան: Հանրային կարծիքը աւելի կը լուսաբանուի, քանի որ երկարապատում վիճարկումները կարծես ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու աճպարարութիւն են:

– Հիմա որ այս իմաստութիւնը լսեցիր, ի՞նչ պիտի ընես, որպէսզի ան լսուի խանդավառներէն եւ յուսախաբներէն:

Արմենակ դառնալով դէպի Էլպիսը եւ Մակարուհին` ըսաւ.

– Տեսէ՛ք` ի՛նչ կ’ըսէ Մակարը: Ինչպէ՞ս պիտի լսուի դերասանին դառն իմաստութիւնը: Պարզ չէ՞, որ դուն ես գրոց-բրոցը եւ պէտք է գրես ովկիանոսի այս կողմի եւ այն կողմի թերթերուն, որպէսզի գէթ անոնց նուազող-նուազած ընթերցող ծափ սիրող հայրենասէրները իմանան:

– Բայց ի՞նչ պիտի ըսեմ: Ողբա՞մ քաղաքամայր Երեւանը, թէ՞ ողբամ որբացած հայ թատրոնը:

– Գրէ՛, գրէ՛, որ որբացման վարժուած ենք, գրէ՛, որ սափրիչը պէտք չէ ատամնաբուժ ըլլայ, պատմութիւն չգիտցողը` նախարար, տգէտ փառատենչիկին խօսափող չներկայացնեն, եւ` այդպէս բաներ: Չմոռնաս ըսելու, որ խօսքդ կը վերաբերի նաեւ սփիւռքին:

Շուարած էի: Գրեցի` յուսալով, որ բանիմաց եւ սրտցաւ ընթերցողը կ’ամբողջացնէ: Եթէ կարդայ…

Ամէն հայ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, Կեդրոնականցի չէ, որ հետաքրքրուի, տեսնէ…

Եւ հայը հայ է, Երեւան թէ Հոնոլուլու կամ Քամչաթքա: Կը սիրէ ջոջ ըլլալ եւ իր շուրջ ունենալ ջոջ ըլլալու երազ ունեցող մանկլաւիկներ:

Քանի որ այլեւս չենք կարդար առակագիր-բանաստեղծ Լա Ֆոնթենի իմաստուն տողերը, որպէս լրացում` էջ մը թարգմանեցի եւ կը կցեմ: Ֆրանսացին կ’ըսէ` «հասկցողին բարեւ»:

Գորտը, Որ Ուզած Է Ըլլալ
Նոյնքան Խոշոր Ինչպէս Եզը

Գորտ մը տեսաւ Եզ մը,
Որ իրեն թուեցաւ տպաւորիչ մեծ.
Ինք որ իր եղածով հազիւ մեծ էր ձուի մը չափ,
Նախանձով կը տարածուի, կ’ուռի, կը ճգնի
Խոշորութեամբ հաւասարելու համար կենդանիին:
Ըսելով. «Լաւ նայեցէ՛ք, քոյրե՛րս,
Բա՞ւ է, ըսէ՛ք ինծի, դեռ չհասա՞յ»:
– Օ՜, ոչ: – Ուրեմն ահաւասիկ հիմա՞: Բնաւ : – Հիմա՞:
– Երբեք չէք մօտենար»: Խեղճուկը փքուեցաւ
Ուռեցաւ այնքան, որ պայթեցաւ:
Աշխարհ լեցուն է մարդոցմով, որոնք բնաւ իմաստուն չեն:
Ամէն քաղքենի կ’ուզէ կառուցել` ինչպէս մեծ Իշխանները,
Ամէն պզտիկ իշխան դեսպաններ ունի,
Ամէն մարքիզ կ’ուզէ ունենալ մանկլաւիկներ:

30 սեպտեմբեր 2018, Երեւան

 

 

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ինչպէ՞ս Ընթերցանութեան Հանդէպ Սէր Սերմանել

Յաջորդը

Հինէն Մեզի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.