Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգուշացնելով Ռուսիան Եւ Չինաստանը. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Զարգացնել Հիւլէական Զինանոցը, Քանի Դեռ Մարդիկ Խելքի Չեն Եկած» Կ՛ըսէ Թրամփ

October 24, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ հիւլէական զէնքեր արտադրել ու հարստացնել հիւլէական զինանոցը, քանի դեռ մարդիկ խելքի չեն եկած: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ»-ը` նշելով, որ նախազգուշացումը ուղղուած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանին:

Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ, որ Թրամփ այդ մասին ըսած է կիրակի օրուան աղմկայարոյց յայտարարութենէն ետք, երբ նշած էր, որ Միացեալ Նահանգներ դուրս պիտի գան Ռուսիոյ հետ կնքուած միջին եւ փոքր հասողութեամբ հրթիռներու ոչնչացման մասին դաշնագիրէն:

«Քանի դեռ մարդիկ խելքի չեն եկած, մենք պիտի շարունակենք ատոր (հիւլէական զինանոցի) հարստացումը: Կը կրկնեմ` քանի դեռ մարդիկ խելքի չեն եկած: Երբ անոնք խելքի գան, մենք խելացի պիտի վարուինք եւ պիտի դադրեցնենք: Եւ ոչ միայն պիտի դադրեցնենք, այլ նաեւ պիտի կրճատենք եղած զէնքերու քանակը, ես մեծ սիրով ատիկա պիտի ընեմ: Սակայն Ռուսիան հաւատարիմ չէ համաձայնագիրին: Անոնք չեն կրնար ինծի հետ այդ խաղը խաղալ: Ասիկա պէտք է շատ աւելի կանուխ կատարուէր», յայտարարած է Թրամփ Սպիտակ տան բակին մէջ հաւաքուած լրագրողներուն:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ բոլորէն աւելի գումար ունին եւ կրնան հասնիլ իրենց նպատակին:

Թրամփ նշած է, որ Ռուսիան չի յարգեր հիւլէական համաձայնագիրը եւ կը խախտէ ատոր կէտերը:

Երբ լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ արդեօք իր ըսածը ուղղակի սպառնալի՞ք է` ուղղուած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, Թրամփ նշած է. «Ասիկա սպառնալիք է, որո՛ւ կ՛ուզես` կրնայ ուղղուիլ, ներառեալ` Չինաստանին, Ռուսիոյ եւ ոեւէ մէկուն, որ կ՛ուզէ այդ խաղը խաղալ: Կը կրկնեմ` Ռուսիան չի յարգեր համաձայնագիրը»:

Թրամփ նկատել տուած է, թէ Չինաստանը, որ համաձայնագիրին մաս չի կազմեր, անպայման պէտք է ներառուի փաստաթուղթին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ համաձայնագիրէն դուրս գալու որոշումը չէ քննարկած Փութինի հետ: «Իսկ ինչո՞ւ պէտք է քննարկէին. անոնք խախտած են համաձայնագիրը, եւ ես ատկէ դուրս կու գամ», ըսած է ան:

 

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է «Պրեքզիթ»-ի Վերաբերեալ Համաձայնագիրի Նախագիծէն Ջնջել Ամէնէն Վիճելի Ձեւակերպումը

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Քառակողմ Վեհաժողովին Ընթացքին Տեղի Պիտի Ունենայ Նաեւ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.